Բրիտանիոյ Խորհրդարանին Մէջ Ղարաբաղեան Տագնապին Մասին Քննարկում Տեղի Ունեցած Է

Մարք Սիմընզ

Մարք Սիմընզ

ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ Ազրպէյճանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի գծով Բրիտանիոյ քաղաքականութեան վերաբերեալ կարճատեւ քննարկում տեղի ունեցած է: Քննարկումը տեղի ունեցած է երեսփոխան Սթիվըն Փաունտի նախաձեռնութեամբ:

Քննարկումին ընթացքին խօսք արտասանած է Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Մարք Սիմընզ: Ան շեշտած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը կը շարունակէ խոչընդոտել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի զարգացումը, եւ կը դառնայ պատճառ` ամբողջ Հարաւային Կովկասի մէջ հետագայ անկայունութեան համար:

Սիմընզ ընդգծած է, որ այդ տագնապը սառեցուած նկատելը մոլորութիւն է: «Բրիտանիան անհանգստացած է սահմանագիծին վրայ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ հրադադարի խախտումներով», ըսած է ան:

Մարք Սիմընզ աւելցուցած է, որ Բրիտանիան կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն: «Որքան մեծ ըլլան կորուստները, այդքան դժուար պիտի ըլլայ տագնապի լուծումին հասնիլը», ըսած է ան:

Բրիտանացի պաշտօնատարը կողմերուն կոչ ուղղած է սադրանքներուն անձնատուր չըլլալու: «Բրիտանիոյ կառավարութիւնը պատրաստ է կարելին ընելու` տագնապին խաղաղ լուծումը գտնելու համար: Բրիտանիան պիտի աջակցի Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին զսպուածութիւն ցուցաբերելու հարցին մէջ: Մենք պիտի կրկնապատկենք ջանքերը խաղաղ լուծման համար` հիմնուած ուժ չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման սկզբունքներուն հիման վրայ», ըսած է ան:

Մարք Սիմընզ յայտնած է, որ Բրիտանիան, իբրեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի բարեկամ, պիտի շարունակէ այդ տագնապին լուծման ուղղութեամբ թափուող ջանքերը:

 

Share this Article
CATEGORIES