Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի Հայ Դատի Յանձնախումբը Հայոց Հարցի Պաշտպանութեան Օրը Պիտի Նշէ 7 Ապրիլին
Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբը 7 ապրիլին` Հայոց հարցին պաշտպանութեան օրը, պիտի կազմակերպէ օրուան նուիրուած ձեռնարկներ:
Վկայակոչելով «Ասպարէզ» պարբերականը` «Արմենփրես» կը հաղորդէ, որ այս տարի Հայոց ցեղասպանութեան 99-ամեայ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներ տեղի պիտի ունենան Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտին մէջ, ինչպէս նաեւ Նահանգային ժողովին մէջ, ուր ամերիկացի օրէնսդիրները Հայոց ցեղասպանութեան մասին ելոյթներ պիտի ունենան: Անոր պիտի յաջորդէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի քուէարկութիւնը:
«Բացի անկէ, որ Հայոց հարցի պաշտպանութեան օրը կ՛ոգեկոչեն եւ կը յարգեն Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ բնաջնջուած 1.5 միլիոն հայերու յիշատակը, ատիկա նաեւ կը ծառայէ մեր համայնքի հզօրացման` գործիչները հաւաքելով նահանգի Քոնկրեսի շէնքին մէջ, որպէսզի անոնք հանդիպին իրենց ներկայացուցիչներուն հետ եւ ներկայացնեն զիրենք յուզող համայնքային խնդիրները», նշեց Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն էլեն Ասատրեան:
Միացեալ Նահանգներու հայութիւնը եւ Քալիֆորնիա նահանգի օրէնսդիր մարմինը 2002 թուականէն ի վեր ամէն տարի միասին կ՛ոգեկոչեն Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:

