Հայաստանի Եւ Իրանի Միջկառավարական Միացեալ Յանձնախումբի Հերթական Նիստը` Թեհրանի Մէջ

Իրանի դեսպանը եւ վարչապետ Սարգսեան

Իրանի դեսպանը եւ վարչապետ Սարգսեան

Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեան երէկ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամետ Ռեյիսին: Հայաստանի կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապերու վարչութիւնը տեղեկացուց, որ վարչապետը Հայաստանի կառավարութեան անունով շնորհաւորեց դեսպանը եւ Իրանի բարեկամ ժողովուրդը Ազգային տօնին` Իրանի Իսլամական յեղափոխութեան 35-րդ տարեդարձին առիթով եւ մաղթեց յաջողութիւն: Վարչապետը նշեց, որ «այս հանդիպումները կը ծառայեն մեր երկու ժողովուրդներու բարեկամութեան ընդլայնման, եւ մենք պարտաւոր ենք հետեւողականօրէն իրականացնել մեր տնտեսական համագործակցութեան միացեալ ծրագիրները»:

Դեսպան Ռեյիսի նշեց, որ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը Իրանի արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկն է, եւ Իրան պատրաստ է ընդլայնելու ինչպէս երկկողմանի, նոյնպէս ալ բազմակողմանի գործակցութիւնը տարբեր եւ յատկապէս ուժանիւթի ու տարանցիկ փոխադրումներու մարզերուն մէջ:

Զրուցակիցները քննարկեցին հայ-իրանական առեւտրական-տնտեսական կապերու օրակարգին առնչուող բազմաթիւ հարցեր: Արծարծուեցան Մեղրիի ջրելեկտրակայանի եւ Հայաստան-Իրան բարձր լարման երրորդ ելեկտրահաղորդման գիծի կառուցման, ինչպէս նաեւ նախագծային հանգրուանին մէջ գտնուող Հայաստան-Իրան երկաթուղիի եւ Իրան-Հայաստան քարիւղատարի շինարարութեան ծրագիրներուն վերաբերող մանրամասնութիւնները: Վարչապետ Սարգսեան նշեց, որ այս ծրագիրները Հայաստանի կառավարութեան առաջնահերթութիւններն են եւ բոլոր ջանքերը կը գործադրուին անոնց իրագործման համար:

Նշուեցաւ նաեւ, որ Հայաստանի եւ Իրանի միջկառավարական միացեալ յանձնախումբի հերթական 12-րդ նիստը կը նախատեսուի կայացնել այս տարի Թեհրանի մէջ. նիստը կարելիութիւն պիտի ընձեռէ քննարկելու երկկողմանի եւ բազմակողմանի ձեւաչափերով փոխադարձ գործակցութեան ընդլայնման ուղղութիւնները:

Համագործակցութեան նոր լիցք հաղորդելու առումով երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին բարձր մակարդակով պաշտօնական փոխադարձ այցելութիւնները: Դեսպանը վարչապետին փոխանցեց Իրանի առաջին փոխնախագահ Էսհաղ Ճահանկիրիի ջերմ ողջոյնները եւ Իրան այցելելու հրաւէրը:

Share this Article
CATEGORIES