Ազգային Ժողովի Չորս Խմբակցութիւնները Տիգրան Սարգսեանին Եւ Կառավարութեան Անվստահութիւն Յայտնելու Որոշումի Նախագիծ Պիտի Ներկայացնեն

e1dc62967ca3e41b49403401b4f09570Հայաստանի Ազգային ժողովի ոչ իշխանական չորս խմբակցութիւնները երէկ խորհրդարանին մէջ գումարեցին դռնփակ նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեցին վարչապետ Տիգրան Սարգսեանին եւ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը:

Խմբակցութիւններէն իւրաքանչիւրը ներկայացուց այդ հարցին անդրադառնալու իր նախագիծը: Ամենայն հաւանականութեամբ, Ազգային ժողովի 24-էն 27 փետրուարի քառօրեային ընթացքին այս խմբակցութիւնները` ՀՅԴ-ն, Հայ ազգային քոնկրեսը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը եւ Ժառանգութիւնը, պիտի ներկայացնեն որոշման մէկ միասնական նախագիծ, որ քառօրեայի օրակարգին մէջ պիտի ընդգրկուի իբրեւ պարտադիր եւ ըստ անհրաժեշտութեան քննարկուող հարց:

Խմբակցութիւնները անոր համար կը նախաձեռնեն ստորագրահաւաք եւ 44 ստորագրութիւն ունենալով, ըստ Ազգային ժողովի կանոնակարգ օրէնքին, նախագիծը կը դառնայ քննարկման առարկայ նիստերու սրահին մէջ:

Երկու-երեք օր ետք խմբակցութիւնները կը նախատեսեն ներկայացնել այդ միասնական նախագիծը:

Share this Article
CATEGORIES