Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պարտաւորութենէ մը փախուստ տալու ամէնէն դիւրին ձեւը «մոռցայ» ըսելն է. այսուհանդերձ, այս կեցուածքը երբ կրկնուի, անվստահելի կ՛ըլլաք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր հեղինակութիւնը պիտի յարգուի: Մնացէք ձեր որոշումին հաւատարիմ եւ ինքնավստահ: Օրինակելի այս վերաբերումը օգտակար անդրադարձ պիտի ունենայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Բարեկամութիւնն ալ ունի իր չափանիշը: Մտերմութիւնը պէտք չէ հասնի անկարգութեան կամ յարգանքի պակասի: Չափաւորութիւնը նկատի առէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մի՛ մասնակցիք այն վիճաբանութեան, որուն պատճառը չէք գիտեր: Ձեր բարեացակամութիւնը կրնայ սխալ մեկնաբանուիլ: Չէզոք մնացէք: Հետեւեցէք ձեր գործին:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Առողջապահութիւնը ձեր հիմնական մտածումը պէտք է ըլլայ: Նոյնիսկ թեթեւ անհանգստութեան պարագային անփոյթ մի՛ մնաք: Եղէք ձեր բժիշկը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կր սիրէք ճամբորդել: Այսօր հետաքրքրական առիթ մը պիտի ունենաք` ճամբորդելու հրաւէր մը ստանալով ձեր աշխատանքին վերաբերեալ: Ընդառաջեցէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր ունեցած գումարին հաշիւին հսկեցէք: Ծախսեցէք հարկ եղածին չափ, բայց` ոչ աւելի: Այս օրերուն ոեւէ մէկէն չէք կրնար փոխ դրամ ուզել:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Յոռետեսութիւնը հիւանդութիւն կը նկատուի, անօգուտ եւ վնասակար մտածումի առաջնորդող: Լաւատեսութիւնը ձեզ կը փրկէ մղձաւանջէ: Բարի մարդոց հետ բարեկամութիւն կատարեցէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ աննպաստ լուր մը լսէք, իրար մի՛ անցնիք, որովհետեւ կրնայ սխալ ըլլալ ձեր լսածը: Համբերութեամբ սպասեցէք: Հարցը կը յստականայ անպայման:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Թեթեւ ուտելիքները միշտ օգտակար են: Սեղանէն հեռացէք նախքան «քիչ մըն ալ ուտեմ» ըսելը: Ձեր ստամոքսը մի՛ ծանրաբեռնէք աւելորդ ճարպով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Եթէ գիշերային աշխատանք ունիք, ցերեկային ժամերուն լաւ քնացէք, որպէսզի ձեր կորսնցուցած քունի ժամերը վերագտնէք: Դասաւորեցէք ձեր օրը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Արագ պատասխան տալը միշտ նպաստաւոր չէ: Այսօր, եթէ ստիպուիք պատասխանեցէք ձեզի ուղղուած կարեւոր հարցումին, նախ մտածեցէք, ապա պատասխանեցէք առանց մտահոգուելու, համոզիչ խօսքերով, ինքնավստահութեամբ:

