50 Տարի Առաջ (14 Փետրուար 1964)
Հաղորդագրութիւն
Թեմիս Գաւառական ժողովը 27 դեկտեմբեր 1963-ին, հրաւէրովն ու նախագահութեամբը առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոսին, իր դիւանը ընտրեց հետեւեալ ազգայիններով:
Ա. ատենապետ Յակոբ Տէր Մելքոնեան
Բ. ատենապետ Ներսէս Ներսէսեան
Ա. ատենադպիր Գառնիկ Բանեան
Բ. ատենադպիր Ռուբէն Հացագործեան
Գաղտնի քուէարկութեամբ եւ միաձայնութեամբ Կրօնական ժողովի անդամ ընտրուեցան` Յարութիւն Ա. քհնյ. Կէպէնլեան, Խորէն Ա. քհնյ. Աճեմեան, Յուսիկ Ա. քհնյ. Այանեան, Յովհաննէս քհնյ. Պօղոսեան, Վրթանէս քհնյ. Թոնդեան, Արշէն քհնյ. Աշըգեան եւ Վազգէն քհնյ. Նարկիզեան:
Նոյնպէս միաձայնութեամբ, Քաղաքական ժողովի անդամ ընտրուեցան` Գառնիկ Մինասեան, մեթր Վարդգէս Շամլեան, տոքթ. Յակոբ Գասապեան, Գէորգ Երեւանեան, Արշաւիր Յովսէփեան, Յակոբ Քարբանեան եւ Յակոբ Թահան:
Իր կարգին, Քաղաքական ժողովը 10 յունուար 1964-ին գումարուած իր նիստին մէջ միաձայնութեամբ ընտրեց իր դիւանը Ա. պետ. Գառնիկ Մինասեան եւ Ա. դպիր մեթր Վարդգէս Շամլեան:
Իսկ Բ. նիստին մէջ 17 յունուար 1964-ին Քաղաքական ժողովը նշանակեց տեսուչ խորհուրդները հետեւեալ ազգայիններէ.
Ուսումնական Խորհուրդ
Գառնիկ Բանեան, Հրաչ Տասնապետեան, տոքթ. Յարութիւն Գազանճեան, Հրանդ Մուրատեան, Յակոբ Ժամկոչեան, Արմէն Ղարիպ եւ Վարդգէս Տէր Կարապետեան:
Տնտեսական Խորհուրդ
Խաչիկ Գրիգորեան, Քերովբէ Պոլեան, Ոսկեբերան Արզումանեան, Հրայր Թուրիկեան, Բիւզանդ Կիլիկեան, Վազգէն Գասապեան եւ Սուրէն Տէր Մելքոնեան:
Իսկ խառն ժողովով ընտրուեցան վերաքննիչ ատեանի անդամներ` Յովհաննէս քհնյ. Պօղոսեան, Արշէն քհնյ. Աշըգեան եւ Վրթանէս քհնյ. Թոնդեան, տոքթ. Յակոբ Գասապեան, Գէորգ Երեւանեան եւ Յակոբ Քարբանեան:
Դատաստանական Խորհուրդ
Պսակ քհնյ. Էթարեան, Վազգէն քհնյ. Նարկիզեան եւ Վահան քհնյ. Ղազարեան, Բենիամին Թիւֆենկճեան, Կարապետ Տէտէեան եւ Ռուբէն Հացագործեան:
Վերոյիշեալ ժողովները իրենց կազմութենէն անմիջապէս ետք ձեռնարկեցին իրենց պաշտօններուն:
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Տոմսեր
Եթէ Անցնէր Մեր Երկինքէն
Եթէ Կարմիր Վարդանը այս օրերուն յանկարծ յարութիւն առնէր եւ ինքնամուղ սաւառնակով մը թռչէր հայկական ցանուցիր գաղութներու երկնքէն, ապահովաբար ըսէր իր թիկնապահին:
– Այս որքա՜ն ուծացեր են մեր զաւակները: Ասոնց համա՞ր մեռանք, ասա՞նկ ըլլալու համար: Բոլորն ալ շահերու ետեւէ են: Աւարայրի տարեդարձի օ՞րն ալ չէին կրնար շունչ առնել` մեզ յիշելու համար: Նայէ՛, նայէ՛ «Հայրենիք»-ն անգամ բաց է:
– Կը յիշեն մեզ, տէ՛ր, վստահ եղիր,- պիտի պատասխանէր թիկնապահը: – Սակայն լսած եմ, որ օրը «պիզնըս»-ի օր պէտք չէ ըլլայ, նիւթական մեծ դժուարութիւններ կրնան ծագիլ, եթէ կիրակիէն տարբեր օր ըլլայ: Ձախորդ օր մեռեր ենք:
– Բայց իշխա՛ն Խոռխոռունի, եթէ մենք ալ նիւթական դժուարութիւնները նկատի ունենայինք, Պարսից փիղերուն դէմ կը կռուէի՞նք:
* * *
Օրացոյցէ օրացոյց, խրամատը կը մեծնայ պատմական մեր մեծ թուականներուն եւ մեր առօրեայ կեանքին միջեւ: Ներկա՛յ ենք, կ՛ապրինք, սակայն հոգեպէս բացակայ ենք կարծես, եւ ազգային իմաստով, հազի՜ւ յիշատակ:
Վարդանանց օրը, է՜ր երբեմն, երկինքէն ղրկուած սրբութիւն մըն էր, եւ կը թափանցէր մեր կեանքին ու հոգիներուն:
Եկեղեցին, այդ օրը, մեծ սուրբերու շունչով կը պարուրուէր հայ հաւատացեալը, ու իր կոչնակը կը հնչէր բացառիկ զօրութեամբ եւ հրճուանքով:
Վարդանանց հերոսամարտը կ՛ապրէինք նախ հայ դպրոցներու մէջ, ուր հրաշալի հեքիաթի մը նման կը հրդեհէր ան տղոց երեւակայութիւնը, սիրտերը: Ապա, բոլորին աչքերը կ՛ուղղուէին նկարին Քաջն Վարդանի, որ ձեռքը թուրին, կարծէք ամէն րոպէ պատրաստ էր յարձակելու ոսոխին վրայ:
Աւանդաբար, նո՛յն օրերուն կը ներկայացուէր «Բարեկենդանի անկուտիները», որ այնքա՜ն կը պատշաճէր գաղթականի մեր կեանքին, ամէն օր «հարուստ հօրեղբայր մը» գտնելու մեր յոյսին եւ ցանկութեան, որովհետեւ այդ ձեւով միայն մեր թշուառութիւնը վերջ կրնար գտնել…
Հիմա, այլեւս, ազգը «անկուտի» չէ, ու բարօրութեա՜ն մէջ, կիսախուփ աչքերով միայն կը հետեւի հին օրերու յուշերուն եւ հազի՜ւ կը ձգէ այն տպաւորութիւնը, թէ իր նախահայրերը փիղերու դէմ իսկ կռուած էին` «վասն կրօնից եւ հայրենեաց…»:
* * *
Մեր բանաստեղծներէն Վահան Թէքէեան Վարդանը երեւակայած է մի՛շտ իր ձիուն վրայ, հպա՛րտ եւ առնական, որ «կ՛երթայ մի՛շտ յառաջ»…
Ի՜նչ պիտի ըսէր արդեօք, եթէ այսօր ողջ ըլլար եւ տեսնէր, թէ մենք զայն ձիէն ալ վար առած ենք եւ հազիւ կը հաճինք յիշել` իբրեւ առասպել եւ աւանդութիւն…
ԳԻՍԱՒՈՐ

