Արուեստի Աշխարհէն. Ինչպէ՞ս Պիտի Գծէին Դասական Արուեստագէտները …
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
… ԵԹԷ ԴԻՄԱԳՐԱՒԷԻՆ ՄԵՐ ՕՐԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ՀԱՐՑԵՐ, ԻՆՉՊԷՍ` ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ ՏԵՒԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅ ԸԼԼԱԼՈՒ ԵՒ ՈՉԻՆՉ ՓԱԽՑՆԵԼՈՒ ԿԱՄ` ՄՈԹՈՐՍԻՔԼԵԹ ՔՇԵԼՈՒ ՄԱՐՄԱՋԸ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՐԴԻԱԿԱՆ ՏԱՐՐԵՐՈՎ ԴԱՍԱԿԱՆ ԳՈՐԾԵՐՈՒ ԺԱՄԱՆԱԿԱԿԻՑ ՎԵՐԱՐՏԱԴՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ: ԱՐԴԵՕՔ ՕՐ ՄԸ ԱՆՈՆՔ ՊԻՏԻ ՅԻՇՈՒԻՆ ԻԲՐԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԳՈՐԾԵ՞Ր, ԹԷ՞ ՊԻՏԻ ՄՈՌՑՈՒԻՆ ԻԲՐԵՒ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՆՈՐԱՐԱՐՈՒԹԵԱՆ ՓՈՐՁԵՐ:
ժամանակին, երբ Վերածնունդի եւ պարոք ժամանակաշրջանի արուեստը կը գերիշխէր, արուեստագէտներ կ՛անմահացնէին սիրոյ, դիցաբանութեան եւ պատերազմի հարցեր, երբեմն ալ` շուայտութիւններ: Արուեստագէտ Քաթլին Կիլճ Մանհաթընի մէջ կը ստեղծէ գեղանկարչական այլընտրանաքային աշխարհներ, ուր անցեալի տարբեր ոճերը կը պատշաճեցուին ժամանակակից մտածելակերպերու: Կիլճ կ՛երեւակայէ, թէ Ալպրեխթ Տիւրա ինչպէ՞ս պիտի պատկերէր ընդհանրական ջերմացմումը, թէ` բջիջային հեռաձայնով երկտողեր փոխանակելու կամ համացանցի վրայ հաւանական սիրահարներ փնտռելու երեւոյթը ինչպէ՞ս կարելի է «տեսնել» դասական դիմանկարի մը մէջ:
Կիլճ, որ ուսած է 16-րդ եւ 17-րդ դարու իտալական արուեստ, աշխատած է իբրեւ վերանորոգող` նախքան իր սեփական գործերը ցուցադրելը: Այսպէս` ան տիրապետած է անցեալի գեղանկարչական ոճերուն, ինչպէս նաեւ օժտուած է արուեստի պատմութեան մեծագոյն դէմքերուն ոճը ընդօրինակելու կարողութեամբ: Կիլճ կ՛ոգեկոչէ Արթեմիզիա Ճենթիլեսքիի եւ Անթոնի վան Տայքի նման գեղանկարիչներ` վերարտադրելով անոնց շարժումի եւ վրձնահարուածներու իւրայատուկ յատկանիշները, միաժամանակ անոնց պատկերած նիւթերը տեղափոխելով 2000-ական տարիներու մէջ: Ան իր գործերը կ՛որակէ «ժամանակակից վերանորոգութիւններ», որոնք աւելի կ՛առնչուին յղացքային վերանորոգութեան հետ, քան` ոճային:
Օրինակ` «Ողբերգութեան ծնունդը» վերնագիրով իր գեղանկարին մէջ Կիլճ նորութիւն մը կ՛աւելցնէ Ճուզեփփէ տէ Ռիպերայի «Հարբած Սիլենիուս» գեղանկարին վրայ, որ գծուած է 1626-ին, եւ զոր Կիլճ վերանորոգած է Նափոլիի մէջ: «Շատ լաւ կը յիշեմ զայն իր մանրամասնութիւններով,- կ՛ըսէ ան:- Գեղանկարին մէջ տեղադրած եմ իմ ինքնանկարս` պարիկի տեսքով, սրածայր ականջներով եւ կոտոշներով, գինի խմելով: Ռիպերայի պատկերած կնոջ մերկ մարմնին վրայ դաջած եմ խաղողի տերեւներ, որոնք ակնարկութիւն մը կը պարունակեն Նիցչէի առաջին գործերէն մէկուն, որուն մէջ ան կը գրէ, թէ Դիոնիսիոսի անմիջական գոհունակութիւն ստանալու համոզումը կը հակասէր Ապողոնի ժամանակի վրայ երկարող հեռանկարային հայեցակէտին: Գեղանկարին աջին պատկերուած են Դիոնիսիոսն ու Ապողոնը: Ձախին պատկերուած աւանակը դէպի «գեղանկար» կը յառաջանայ կապոյտ մոթորսիքլեթի մը վրայ` վայելելով դիոնիսեան պահ մը: Աջին, վարը, գանկ մը զետեղուած է սերնդագործող երկու կրիաներու կողքին: Անոնք կը պատկերեն կեանքի պարբերաշրջանը»:

«Բջիջային հեռաձայնով երկտողերու փոխանակում»` հետեւողութեամբ ֆլեման գեղանկարիչ Փիթըր Փորպիւսի «Պրուժէն ամուսնացած կնոջ մը դիմանկար» գեղանկարին եւ Քիթ Հերինկէն զարդապատկերի մը:
Կիլճի «վերանորոգած» այլ գեղանկարները կը կրեն ժամանակակից տարբեր նիւթեր, ինչպէս` բջիջային հեռաձայնով երկտողերու փոխանակում եւ դաջուածքներ (թաթու): Հետաքրքրական է ժամանակակից արուեստի մեծագոյն դէմքերէն քանդակագործ Լուիզ Պուրժուայի անոր պատկերումը, որ կը յիշեցնէ քարէ բարձրաքանդակ մը: Կիլճի գործերը կախարդական անժխտելի հմայք մը ունին: Անոնց մէջ միաժամանակ կը զգանք անցեալը եւ ներկան, որոնք երկուքն ալ քիչ մը տարբեր կը թուին: Ճիշդ կ՛ըսէ արուեստի պատմաբան Լինտա Նոհլին. «Նուրբ եւ ոչ շատ նուրբ փոփոխութիւններու ենթարկելով արեւմտեան գեղանկարչութեան ընդմիշտ պաշտելի կուռքերը, Կիլճ մեզ կը մղէ տարբեր ձեւով դիտելու եւ մտածելու»:
Քաթլին Կիլճի «Ուիչ՛զ պրու» (վհուկին խմիչքը) վերնագիրով ցուցահանդէսը այս օրերուն տեղի կ՛ունենայ Նիւ Եորքի «Ֆրանսիս Նոմըն ֆայն արթ» պատկերասրահին մէջ:

«Ընդհանրական ջերմացում» հիմնուած` Ալպրեխթ Տիւրայի «Օսվոլթ Քրելի դիմանկար»-ին վրայ:

«Համացանցի վրայ ժամադրութիւն. այս յարաբերութիւնը շատ արագ կ՛ընթանայ ինծի համար»` հետեւողութեամբ Անթոնելլօ տա Մեսսինայի «Անծանօթ մարդու դիմանկար» գործին:

«Այլադաւանը»` հետեւողութեամբ Անթոնելլօ տա Մեսսինայի «Տղամարդու դիմանկար» գործին:

«Լուիզ Պուրժուայի դինակար»-ը` հետեւողութեամբ Տիւրայի «Պեռնարտ ֆոն Ռիզըն»-ի դիմանկարին:

«Հեծիկ քշողը»` հետեւողութեամբ Վան Տայքի «Մօրուքաւոր տարեց մարդը` ծրարը ձեռքին» գեղանկարին:

