Արուեստի Աշխարհէն. Հոլիվուտ Այլեւս Չի Խուսափիր 40 Տարեկանէն Վեր Կին Դերասաններէն
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՈՐՈՇ ՏԱՐԻՔԷ ՄԸ ԵՏՔ ԿԻՆ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐ ՄԻՇՏ ԱԼ ԱՐԳԵԼՔՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊԱԾ ԵՆ, ԵՐԲ ԴԵՐԵՐ ՓՆՏՌԱԾ ԵՆ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՐԴԵՕՔ ԿԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՓՈԽՈՒԱ՞Ծ Է ԱՅՍՕՐ: ԹՈՄ ՊՐՈՒՔ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.»-Ի ԿԱՅՔԻՆ ՄԷՋ ԿԸ ՀԵՏԱԶՕՏԷ ՏԱՐԻՔՈՎ ՄԵԾ ԿԻՆ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏԶՀԵՏԷ ԱՃՈՂ ՊԱՀԱՆՋԸ ԳԼԽԱՒՈՐ ԴԵՐԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ: ՅԱՅՏՆԱԲԱՐ ԳԱՂՏՆԻՔԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍՆԵՐՈՒ ԱԿՆԿԱԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, ՏԱՐԻՔՈՎ ՄԵԾ ԿԻՆ ԴԵՐԱՍԱՆՆԵՐՈՒՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴ ՄՆԱԼՈՒՆ ԵՒ ԱՆՈՆՑ ՏԱՂԱՆԴԻՆ ԿԱՏԱՐԵԼԱԳՈՐԾՈՒՄԻ ՄԷՋ:

Լաւագոյն կին դերասանի օսքարի 5 թեկնածուներէն 4-ը 40 տարեկանէն վեր է:
Օսքարներու մրցանակաբաշխումը տակաւին շաբաթներ հեռու է: Սակայն լաւագոյն կին դերասաններու թեկնածուներու շարքը ինքնին կը ներկայացնէ հաւաքական յաղթանակ մը: Ժամանակին այսպէս էր. երբ կին դերասան մը կը բոլորէր 40 տարեկանը, Հոլիվուտ կը կորսնցնէր իր հետաքրքրութիւնը անոր նկատմամբ: Սակայն այս տարի Օսքարի 5 թեկնածուներէն 4-ը` Ճուտի Տենչ, Քէյթ Պլանշեթ, Սանտրա Պուլոք եւ Մերիլ Սթրիփ արդէն անցած են այս ճակատագրական տարիքը, իսկ Էմի Էտըմզ 40 տարեկան պիտի դառնայ այս տարի:
Օսքարի միայն տարեց թեկնածուները չեն, որոնք յատկանշական դերեր կը ստանան եւ շահ կ՛ապահովեն շարժապատկերի մարզին: Ճուլիա Ռոպըրց, Մելիսա ՄքՔարթի եւ Քամերոն Տիազ, նշելու համար քանի մը անուն, բոլորն ալ 40 տարեկանէն վեր են եւ յաճախ շատ աւելի սուղ կը վճարուին` բաղդատած աւելի երիտասարդ կին դերասաններու:
«Նիւ Եորքի կիները ժապաւէնի եւ պատկերասփիւռի մէջ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Թերի Լոլըր յառաջդիմութիւն կը նկատէ այս երեւոյթը, թէեւ կը յայտնէ որոշ վերապահութիւն: «Ասիկա չի նշանակեր, թէ տարիքի նկատմամբ խտրականութիւնը վերացած է, սակայն կը կարծեմ, թէ որոշ ուղղութիւն մը կայ իմաստալից դերեր ստեղծելու կիներու համար, որոնք 20 տարեկան չեն», կ՛ըսէ ան:

Մերիլ Սթրիփ եւ Ճուլիա Ռոպըրց անբաժան` «Օսէյճ Քաունթի» ժապաւէնին մէջ իրենց կատարած հոյակապ դերերէն ի վեր:
Հոլիվուտի մէջ դերերու բաշխումի որեւէ փոփոխութիւն, ներառեալ` տարիքով մեծ կիներու համար դերեր ստեղծելու երեւոյթը, արդիւնք է դրամական ուժի ներգործութեան: Հետեւաբար, արդեօք ի՞նչ պատահած է շարժապատկերի ճարտարարուեստին մէջ, որ 40 տարեկանէն վեր կին դերասաններ այժմ դարձած են նիւթական շահ ապահովելու գրաւական:
Պատասխանը պարզ է. Մերիլ Սթրիփ եւ Սանտրա Պուլոք անմրցելի ուժը ունին ներգրաւելու շարժապատկերի սրահ յաճախող հանրութեան մը բոլոր խաւերը, հետեւաբար նաեւ` Հոլիվուտի շարժապատկերի ընկերութիւններուն ապահովելու անոնց ցանկացած եւ փայփայած միլիոնաւոր տոլարի շահերը: Երիտասարդ ոչ մէկ կին աստղ կարողութիւնը ունի իրականացնելու այս մէկը: Ճիշդ է, որ Քրիսթըն Սթիուըրթ յաջողած է երիտասարդ հանդիսատեսներու բազմութիւն մը ներգրաւել «Թուայլայթ» ժապաւէններու շարքով, սակայն ան չի կրնար մրցիլ Սթրիփի եւ Պուլոքի նման տարիքով մեծ կին դերասաններու հետ:
Հանդիսատեսներ Կը Փափաքին Իրենց Հայելին Տեսնել
Շարժապատկերի մարզին մէջ 40 տարեկանէն վեր կին դերասաններու պահանջը նաեւ աւելցած է այն պատճառով, որ շարժապատկերի սրահ յաճախող անձեր կը փափաքին իրենց պատկերը տեսնել պաստառին վրայ: Միացեալ Նահանգներու դերասաններու միութեան` «ՍԱԿ-ԱՖԹՐԱ»-ի ներկայացուցիչ Ատըմ Մուր կը նշէ փոփոխութիւն մը շարժապատկեր յաճախող անձերու ժողովրդագրական պատկերին մէջ: «Ժապաւէն մը դիտելու համար դրամ ունեցող անձերը 20-ական տարիքի երիտասարդներ չեն,- կ՛ըսէ ան:- Շատ աւելի հարուստ եւ տարիքով շատ աւելի մեծ բնակչութեան խաւ մը կը կազմեն անոնք: Մարդիկ կը պահանջեն, որ իրենց սեփական պատմութիւնները արտացոլան պաստառին վրայ: Կը կարծեմ, թէ հետզհետէ աւելի մեծ թիւով հանդիսատեսներ փափաքը ունին տեսնելու ուժեղ կին դերասաններ, ծանօթ դերասաններ»:
Նաեւ ապացոյցներ կան, թէ բեմադրիչներ եւ ժապաւէններու հեղինակներ աւելի տրամադիր են պաստառին վրայ ներկայացնելու այնպիսի պատմութիւններ, որոնց հերոսները տարիքով մեծ կիներ են: «Կ՛ենթադրեմ, թէ ինքնին ժապաւէններու դերերը կը ստեղծուին ի մտի ունենալով տարիքով աւելի մեծ կին դերասաններ,- կ՛ըսէ «Հոլիվուտ Ռիփորթըր»-ի շարժապատկերի լրագրող Թաթիանա Սիկըլ:- Եթէ պահ մը նկատի ունենանք «Պլու ճազմըն»-ի մէջ Քէյթ Պլանշեթի մարմնաւորած դերը, պիտի մտածենք, թէ 20 տարի առաջ Վուտի Ալըն զայն գրած պիտի ըլլար տարիքով աւելի փոքր կին դերասանի մը համար, 30-ական տարիքի կին դերասանի մը, եւ ոչ` 40-ական տարիքի:
Կին դերասաններ, որոնք նախապէս իրենց տարիքին պատճառով աւելի ստորադաս դերեր պիտի ստանձնէին, այժմ կը գրաւեն բարձր դիրքեր: Շատեր, ինչպէս` Ճուլիա Ռոպըրց, Ռիզ Ուիտըրսփուն եւ Սանտրա Պուլոք ստեղծած են Հոլիվուտէն անկախ շարժապատկերի ընկերութիւններ, որպէսզի կարենան իրենց հակակշիռին տակ պահել իրենց սեփական ծրագիրները: Մթնոլորտը նպաստաւոր է կիներու պատմութիւններու եւ տարիքով մեծ կին դերասաններու յատուկ տիպարներու համար:
«Կը կարծեմ, թէ մարդիկ տրամադիր են տեսնելու ժապաւէն մը, որ արտադրուած է կնոջ մը պատկանող ընկերութեան մը կողմէ, եւ որուն մէջ կարելի է տեսնել 40 տարեկանէն վեր իսկական տաղանդ մը», կ՛ըսէ Թերի Լոլըր:
Ընդմիշտ Երիտասարդ
Սակայն Հոլիվուտ երկար ժամանակ տրամադրած է յղկելու համար երիտասարդ տիպարներէ բաղկացած պատկեր մը, եւ այն կարծիքը կը տիրէ, թէ 40 տարեկանէն վեր կին դերասաններ սկսած են աւելի յաճախ դերեր ստանալ, որովհետեւ աւելի երիտասարդ կ՛երեւին` բաղդատած անցեալի 40-ական տարիքի կին դերասաններուն:
Թաթիանա Սիկըլ կը նշէ, թէ հաւանաբար մորթի եւ շպարի մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ մարզիչներ իրենց դերը ունեցած են տարիքով մեծ կին դերասաններու պահանջը ստեղծելու մէջ: «Կը կարծեմ, թէ վճռորոշ դեր կը խաղայ 40-ական տարիքի ոեւէ կին դերասանի երիտասարդ երեւոյթը: Սանտրա Պուլոքի պատկերը հիանալի է, երբ ան կը յայտնուի կարմիր գորգին վրայ: Ան նոյնքան երիտասարդ կը թուի, որքան` 20-ական կամ 30-ական տարիքի որեւէ կին դերասան: Հանրութիւնը անշուշտ կը սիրէ դիտել այս կին դերասանները եւ կը փափաքի, որ անոնք հիանալի տեսք ունենան, իսկ այս կին դերասանները կը գոհացնեն հանրութեան պահանջը: Անոնք մայրական տիպարի երեւոյթ չունին կարմիր գորգին վրայ, ոչ ալ` պաստառին»:
Հակառակ ժապաւէններու մէջ տարիքով մեծ կին դերասաններու աւելի յաճախակի ներկայութեան` անհաւասարութիւնը կը շարունակուի շարժապատկերի ճարտարարուեստին մէջ, որ կը մերժէ յատկանշական դերեր տալ տարիքով մեծ կիներու: Վիճակագրութեան մը համաձայն, 2013-ին Հոլիվուտի ամէնէն աւելի շահ ապահոված ժապաւէններուն միայն 16 առ հարիւրին հեղինակները, խմբագիրները, նկարահանողները, արտադրիչներն ու բեմադրիչները կիներ էին:
Թէեւ 40 տարեկանէն վեր կին դերասաններ այժմ կը ստանան յատկանշական դերեր, սակայն տակաւին դժուար է կին աստղի մը համար դարձեալ փայլիլ այս տարիքը թեւակոխելէ ետք: Այսուհանդերձ, անկարելի չէ: Այսօր շարժապատկերի ամէնէն մեծ կիներ դերասաններէն ոմանք հռչակ ապահոված են միայն միջին տարիքը թեւակոխելէ ետք: Ճուտի Տենչ գլխաւոր օրինակն է: Ան 60-ական տարիքի էր, երբ առաջին անգամ ըլլալով ուշագրաւ դեր մը ստանձնած էր հսկայական շահ ապահոված ժապաւէնի մը` «Մ. ին կոլտըն այ»-ի մէջ, որ զինք ծանօթացուցած է զանգուածներուն: Նոյնպէս ալ բրիտանացի կին դերասան Ճեսիքա Թենտի աշխարհահռչակ դարձած է 80 տարեկանին, երբ օսքար մը ստացած է` «Տրայվինկ միս Տէյզի» ժապաւէնին մէջ Միացեալ Նահանգներու հարաւային շրջաններուն բնորոշ մայրիշխանական տիպարի մը իր մարմնաւորումին համար:
Մինչ շարժապատկերի ճարտարարուեստին մէջ շատեր կ՛ողջունեն տարիքով մեծ կին դերասաններու մրցակցութիւնը լաւագոյն դերասանի օսքարի թեկնածութեան մէջ, անդին` ուրիշներ չեն բաւարարուած: «Աւելի կարեւոր է, որ կիներու տրուին յաւելեալ առիթներ: Շատ աւելի մեծ է թիւը այն կիներուն, որոնք հոյակապ դեր կատարած են շարժապատկերի մարզին մէջ: Միայն այս 5 թեկնածուները չեն անոնք,- կ՛ըսէ Թերի Լոլըր:- 40 տարեկանէն վեր գէթ 25 կիներ մեծ դեր ունեցած են ժապաւէններու արտադրութեան մէջ, պէտք է քուէարկել նաեւ անոնց, սակայն անոնց անունները չեն նշուած»:
Այսուհանդերձ, Լոլըր համոզուած է, թէ ապագային յաւելեալ առիթներ պիտի տրուին կիներուն: «Կը կարծեմ, թէ աստիճանաբար պիտի բարելաւուի վիճակը,- կ՛ըսէ ան:- Երբ կիներ յաւելեալ հակակշիռ ունենան ժապաւէններու արտադրութեան վրայ, անոնք պիտի կարենան աւելի երկար ժամանակ շարունակել իրենց ասպարէզը, բաղդատած` 20 տարի առաջ 40 տարեկանը բոլորած կիներուն, ինչ որ հրաշալի է»:
Օսքարի թեկնածուներու ցանկին պատկերը յաճախ տուեալ ժամանակներու արտացոլացումն է: Լաւագոյն կին դերասանի մրցանակի թեկնածուներուն շարքին տարիքով մեծ կիներու ներկայութիւնը հայելին է այլ ասպարէզներու մէջ տարիքով մեծ կիներու նուաճած յաջողութեան: Յայտնապէս անոնց կարողութիւնները զարգացած են ժամանակի ընթացքին: Բոլորս ալ պիտի օգտուինք շատ աւելի մեծ թիւով կին դերասաններ տեսնելով պաստառին վրայ, եւ` այնպիսի դերերու մէջ, որոնք մարտահրաւէր կ՛ուղղեն իրենց եւ կը կապեն մեզ:

