Տեառնընդառաջի Նախատօնակը` Սրբոց Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ Մէջ
Երէկ` հինգշաբթի, 13 փետրուարի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակի ժամերգութիւն, որուն հանդիսապետեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան:
Այս առիթով արտասանած իր քարոզին մէջ սրբազան հայրը բացատրելով Տեառնընդառաջի իմաստը յայտնեց, որ Տեառնընդառաջի իմաստը յայտնեց, որ Տեառնընդառաջը զուտ քրիստոնէական առիթ է, որուն մեր եկեղեցին նաեւ բարեպաշտական նկարագիր ունեցող խարոյկը միացուցած է, որպէսզի մենք այդ խարոյկին ընդմէջէն նշմարենք տեսանելի լոյսը եւ անդրադառնանք, որ լոյսով է, որ մեր շուրջ կը կը փարատին ամէն տեսակի անստոյգ երեւոյթները եւ կեանքի ճամբան անով յստակ կը դառնայ:
Առաջնորդ սրբազանը նաեւ պատմական ակնարկ մը նետեց Յիսուսի տաճար ընծայման արարողութեան` յիշատակելով Սիմէոն ծերունիի հաւատքը եւ ուխտը:
«Պատմական այս դէպքը քրիստոնեայ եկեղեցւոյ մէջ անցնող բոլոր դարերուն յիշատակուեցաւ, որովհետեւ անոր մէջ եկեղեցւոյ հայրերը տեսան իւրայատուկ թելադրականութիւն, եւ բարոյականութիւն, որմէ յաջորդող սերունդներ պէտք է քաղեն դաս եւ ուղղութիւն», հաստատեց սրբազանը` կոչ ուղղելով ժողովուրդին Աստուծմէ խնդելու ճշդել ճամբան, որմէ կրնանք քալել եւ լուսաւորել զայն մեր Փրկիչին աշխարհ բերած փրկութեան պատգամով:
«Տեառնընդառաջի տօնը մեր կեանքին մէջ այն առիթն է, որուն ընթացքին պարտինք անդրադառնալ, թէ իւրաքանչիւր բարեպաշտ ծնող պարտի իր զաւակը առաջնորդել դէպի Աստուծոյ տաճարը, եւ պարտինք ատիկա ընել մանուկ հասակին, որպէսզի իրենց քայլերը Աստուծմով առաջնորդուին իրենց կեանքին ամբողջ տեւողութեան», շեշտեց սրբազանը:
Աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ վառեցաւ աւանդական խարոյկը:

