Տեառնընդառաջի Նախատօնակին Հանդիսապետելով`. «Հայ Մայրը Իր Զաւակին Առաջին Ու Մնայուն Դաստիարակն Է» Պատգամեց Նսօտտ Արամ Ա. Կաթողիկոս
Հինգշաբթի, 13 փետրուար 2014-ի երեկոյեան` Տեառնընդառաջի նախատօնակին, հաւատացեալներու եւ յատկապէս ծնողներու ու մանուկներու հսկայ բազմութեամբ լեցուն էր Անթիլիասի մայրավանքը: Ծնողներ եկած էին իրենց զաւակներուն հետ` մասնակից դառնալու Յիսուս Մանուկի քառասնօրեայ տաճար ընծայումի խորհուրդին:
Շրջապատուած միաբան հայրերով, Արամ Ա. կաթողիկոս Մայր տաճարին մէջ նախատօնակի հոգեպարար արարողութեան նախագահեց եւ ապա իր հայրապետական պատգամը ուղղեց հաւատացեալներուն:
Նախ եւ առաջ վեհափառ հայրապետը ողջունեց հոծ բազմութեան ներկայութիւնը մայրավանքին մէջ եւ ապա անդրադարձաւ աւետարանական դրուագին, ուր նկարագրուած է, թէ ինչպէ՛ս Յիսուսի ծնողները, հետեւելով եբրայական աւանդութեան, իրենց զաւկին ծննդեան քառասնօրեայ շրջանին տարին զինք տաճար` Աստուծոյ ընծայելու համար զայն: Ապա, ըսաւ. «Քրիստոսի տաճար ընծայման աւետարանական դրուագէն մեզի կը փոխանցուի երկու պատգամ`
ա) Հաւատարիմ մնալ աւանդութեանց: Աւանդութիւնը կրoնական թէ ազգային հաւաքականութեան ինքնութեան ամէնէն կարեւոր կռուաններէն մէկն է: Աւանդութեամբ է, որ մենք մեր ինքնութիւնը կը պահենք եւ կ՛արտայայտենք. աւանդութեամբ է, որ մենք մեր գոյութիւնը կը պահենք եւ կը պահպանենք: Առաքեալը կ՛ըսէ` ամուր պահեցէք ձեր աւանդութիւնը (Բ. Թեսաղ. 2. 15): Յիսուսի հայրը եւ մայրը հաւատարիմ մնացին իրենց աւանդութեանե եւ աւանդութեան նկատմամբ իրենց ունեցած նախանձախնդրութենէն մեկնելով Յիսուս Մանուկի ծնունդէն քառասուն oրեր ետք զինք տարին տաճար Աստուծոյ ընծայելու:
բ) Մoտէն հետեւիլ մեր զաւակներու դաստիարակութեան: Ծնողքի մը աւագ պարտականութիւնն է դաստիարակել իր զաւակը: Ծնողքը, յատկապէս մայրը, առաջին ու մնայուն դաստիարակն է իր զաւկին: Ահա թէ ինչու Մեզի համար հայ ընտանիքը սրբազան կառոյց է: Մեր ժողովուրդը հայ ընտանիքը նկատած է դպրոց, եկեղեցի ու հայրենիք, որովհետեւ հայ ընտանիքին ճամբով է, որ հայ մանուկը կը դաստիարակուի ու ինքզինք անբաժանելի մասը կը նկատէ ազգին ու եկեղեցւոյ: Նայեցէ՛ք Յիսուսի ծնողքին. անոնք մoտէն հետեւեցան Քրիստոսի հոգեմտաւոր աճման»:
Տեառնընդառաջի արարողութենէն ետք, հայ եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութեան համաձայն, վեհափառ հայրապետը մայրավանքի շրջափակին մէջ վառեց աւանդական խարոյկը: Ապա միաբան հայրերն ու դպրեվանեցիները հոգեւոր ու ազգային երգերով խանդավառեցին ներկայ ժողովուրդը: Աւարտին, հազարաւոր հայորդիներ իրենց վառած մոմերը իբրեւ օրհնութիւն տարին իրենց տուները:

