ՄԱՀԱԵՄ-ի Նախագահ Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը Ընդունեց 100-ամեակի Կեդրոնական Մարմինը

IMG_7490Չորեքշաբթի երեկոյ, ՄԱՀԱԵՄ-ի կեդրոնատեղիին մէջ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանին այցելեցին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի անդամները:

Զեկուցական այս հանդիպումին ներկայացուեցան 2014 -2015 տարիներուն համար նախատեսուած ցեղասպանութեան նիւթին վերաբերող տարբեր բնոյթի աշխատանքները:

Վերապատուելի Գարակէօզեան գնահատելով տարուող աշխատանքները անվերապահ զօրակցութիւն յայտնեց մարմինին կողմէ իրականացուող համախումբ  եւ միասնական աշխատանքներուն:

Share this Article
CATEGORIES