Ըստ «Նովիէ Իզվեսթիա»-ի. Յոյն Եւ Թուրք Կիպրացիներուն Բանակցութիւնները Կրնան Միջին Լուծումի Մը Հասնիլ
Ռուսական «Նովիէ Իզվեսթիա» օրաթերթը, անդրադառնալով Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիոյ մէջ յոյն եւ թուրք կիպրացիներուն միջեւ ընթացող բանակցութեանց, կը գրէ, որ նոր բանակցութիւնները նախորդներէն տարբեր են, որովհետեւ Միջին Արեւելքի, ներառեալ` կիպրական ջուրերուն մէջ քարիւղի եւ կազի մեծ հանքերու յայտնաբերումէն ետք տնտեսութիւնը սկսած է քաղաքականութեան հետ միախառնուիլ, իսկ Ուաշինկթըն սկսած է կիպրական կողմերը համոզել բանակցութեանց սեղան նստելու, երբ ի յայտ եկած է, որ ուժանիւթի հանքերու պեղումները քաղաքական կայունութենէն կախեալ են:
Օրաթերթը կը նշէ, որ տնտեսական նկատառումները ի վերջոյ քաղաքագէտները կը մղեն միջին լուծումներ փնտռելու, ճիշդ ինչպէս ածուխն ու երկաթը 1950-ին Եւրոպան միացուցին:
«Նովիէ Իզվեսթիա» կը գրէ, որ գոյութիւն ունի նաեւ որոշ լաւատեսութիւն ստեղծող այլ ազդակ մը` Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ յարաբերութեանց ակներեւ բարելաւումը:

