Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա կիրակի, 16 փետրուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Մանար» պատկերասփիւռի կայանէն պիտի արտասանէ պատկերասփռուած ճառ մը, որուն ընթացքին պիտի անդրադառնայ երկրին քաղաքական իրադարձութիւններուն:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Վատիկանի մէջ ընդունուեցաւ Ֆրանչիսկոս պապին կողմէ: Կը նախատեսուի, որ յաջորդ շաբթուան ընթացքին Ռայի պատրիարքին եւ պապին միջեւ տեղի ունենայ նաեւ երկրորդ հանդիպում մը:
ԱՊԱՀՈՎՈՒԹԵԱՆ ուժերուն համաձայն, Արսալի մէջ բացայայտուած ականուած ինքնաշարժը կ՛ուղղուէր Պէյրութ` պայթումի թիրախ դարձնելու «Մանար» պատկերասփիւռի կայանը:
Իսկ Քոռնիշ Մազրաայի մէջ բացայայտուած ականուած ինքնաշարժը թիրախ պիտի դարձնէր ռուսական դեսպանատունը:
ՊԱՂԵՍՏԻՆՑԻ ձերբակալեալ Նայիմ Ապպաս խոստովանած է, թէ ինք կազմակերպած է Պիր Ապըտի, Հարեթ Հըրէյքի եւ Շուէյֆաթի անձնասպանական գործողութիւնները:
ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ կառոյցներուն համաձայն, Քոռնիշ Մազրաայի մէջ բացայայտուած ականուած ինքնաշարժէն բացի, տակաւին կան երկու այլ ականուած ինքնաշարժներ, որոնք թիրախ պիտի դարձնեն բանակին յատուկ կեդրոններ, ինչպէս նաեւ քաղաքական անձնաւորութիւններ:
ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի ողջունեց բանակին ջանքերն ու գիտակցութիւնը` Լիբանանի մէջ սադրանքներ նախապատրաստող կողմերը բացայայտելու առումով:
ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը դիրքաւորելու Սուրիոյ հետ սահմանամերձ շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ առաջարկեց անոր աշխատանքին օժանդակել միջազգային զօրքերու միջոցով:
ՍՈՒՐԻՈՅ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ շեշտեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքը Սուրիոյ մէջ գործուող բոլոր ահաբեկչութիւններուն մեղսակից է:
ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ մեկնաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ ֆրանսական-իսրայէլեան միացեալ շահերը չեն արտօներ լիբանանեան բանակին զինումը: Ան աւելցուց նաեւ, որ Մուսթաքպալ հոսանքը ունի միլիսական թեւ մը, որ կը կռուի լիբանանեան բանակին դէմ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու ջոկատ մը խզեց սահմանային Կապոյտ գիծը եւ Այթարունի կողմէ մուտք գործեց Լիբանան:
ՊԵՏԱԿԱՆ անվտանգութեան յատուկ ջոկատ մը ներխուժեց Պար Էլիասի մէջ գտնուող գործարան մը, որ փճացած դեղօրայք կ՛արտադրէ: Ապահովութեան ուժերը գործարանէն գրաւեցին 250 քիլոկրամ «Քեփթակոն» եւ հաշիշ:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ կատարուած իրողութեան կառավարութիւն մը կարելի չէ կազմել` աւելցնելով, որ իրանեան-սէուտական տարակարծութիւնները իրենց ուղղակի ազդեցութիւնը կ՛ունենան Լիբանանի վրայ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը մօտալուտ չէ: Ան նշեց, որ հանրապետութեան նախագահն ու նշանակեալ վարչապետը պէտք է ուղղակի հանդիպումներ ունենան խնդրոյ առարկայ քաղաքական ուժերուն հետ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ այս հանգրուանին Իրանի շահերուն չի ծառայեր կառավարութեան մը կազմութիւնը:
ՊՔԵՐՔԷԻ պատրիարքարանին ապահովութիւնը ստանձնած ուժերը արգիլած են պատրիարքարան մուտք գործող քաղաքական անձնաւորութիւններուն թիկնապահներուն մօտ զէնքի գոյութիւնը: Այս շրջագիծին մէջ անոնք արգիլած են Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տէյվիտ Հէյլի եւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի թիկնապահներուն պատրիարքարան մուտքը:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, յառաջիկայ շաբաթ Լիբանան պիտի այցելէ ֆրանսական զինուորական պատուիրակութիւն մը` բանակին զինումը քննարկելու նպատակով:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին յայտնեց, որ իրենք մտահոգ են Լիբանանի ապահովական կայունութեան դէմ հարուած հասցնող հաւանական փորձերէ:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած է նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ դրուատած կառավարութեան կազմութեան իմաստով անոր ճիգերը:
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ յայտնեց, որ լիբանանեան թղթոսկիին արժէքը կը մնայ կայուն:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերէն, կը գրէ, թէ Լիբանանի մէջ քաղաքական իրավիճակը պիտի յստականայ Եապրուտի ճակատամարտէն ետք:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆուատ Սաատ յայտնեց, որ եթէ կառավարութեան կազմութիւնը անկարելի պիտի դառնայ, ապա նախընտրելի է հանրապետութեան նախագահին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի պատասխանատուներ յայտնած են, թէ Եապրուտի ճակատամարտին աւարտը կարելի չէ նախատեսել:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Քամել Ռիֆայի շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքական կուսակցութիւնները պէտք է օժանդակեն լիբանանեան բանակին: Ան հերքեց շրջանառութեան մէջ դրուած այն լուրերը, թէ Հըզպալլա Պէյրութի եւ Հարաւային արուարձաններուն մէջ ռազմափորձեր կատարած է:
«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, մտավախութիւն կայ, թէ ապահովական հսկայ գործողութիւն մը կրնայ թիրախ դարձնել Հարաւային արուարձանները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն ընդունեց Թաուհիտ հոսանքի նախագահ Ուիամ Ուահապը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ կատարուած իրողութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը անհաւանական է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի Եարզէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլիի հետ:

