Պըրրի Ընդունեց Քարամէն, Տիապն Ու Զասպիքինը

Դեսպան Զասպիքին եւ Պըրրի
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Ֆայսալ Քարամէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Պըրրի ընդունեց նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Հասսան Տիապը, որմէ ստացաւ 2011-2013 տարեշրջաններուն կրթութեան նախարարութեան գործադրած ծրագիրներուն ու նուաճումներուն մասին գիրք մը:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին: Քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակը:
CATEGORIES Լիբանանեան

