Միքաթի. «Կառավարութեան Ծնունդը Կրնայ Մօտիկ Ապագային Յայտարարուիլ»

Մաթար եպիսկոպոսը եւ Միքաթի
Հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսին, որուն շնորհաւորեց Մար Մարունի տօնին առիթով:
Հանդիպումին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով դրական նշոյլներ կան` աւելցնելով, որ նոր դահլիճին ծնունդը կրնայ մօտիկ ապագային յայտարարուիլ:
Միքաթի յայտնեց, որ Մաթար եպիսկոպոսին հետ հանդիպումին ընթացքին ինք բարձր գնահատած է Պքերքէի հրապարակած Ազգային փաստաթուղթը, որուն շուրջ արդէն իսկ ազգային համախոհութիւն գոյացած է:
Միքաթի մաղթեց, որ Պքերքէի Ազգային փաստաթուղթին շուրջ գոյացած համախոհութիւնը գետնի վրայ թարգմանուի, յատկապէս տիրող շրջանային դժուար պայմաններուն ընթացքին:
Միքաթի մաղթեց, որ Լիբանանի մէջ նոր կառավարութիւն մը կազմուի:
Միքաթի դարձաւ Մաթար եպիսկոպոսի ճաշի հիւրը:
Նշենք, որ Միքաթի իր բնակարանին մէջ ընդունեց տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուքը: Քննարկուեցան լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղեկատուութեան մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր:

