«Պէտք Է Զգաստ Ըլլալ Այս Հանգրուանին Սպառնացող Վտանգին Դիմաց Եւ Կազմել Կարող Կառավարութիւն Մը» Շեշտեց Նախագահ Սլէյման

Ապահովական-դատական նիստէն պահ մը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական-դատական բնոյթի նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի, ներքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Մարուան Շարպել, արդարութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շաքիպ Քըրթպաուի, ինչպէս նաեւ դատաւորներ ու բարձրաստիճան զինուորականներ:
Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Սլէյման շեշտեց երկրին մէջ ապահովական եւ դատական իշխանութիւններուն շուրջ ջանքերը կեդրոնացնելու անհրաժեշտութիւնը` դրուատելով բանակի գաղտնի սպասարկութեան ճիգերը:
Ան մաղթեց, որ քաղաքական ուժերու ղեկավարները զգաստ ըլլան այս հանգրուանին սպառնացող վտանգին դիմաց եւ կազմեն կարող կառավարութիւն մը:
Նիստին ընթացքին բարձր գնահատուեցաւ բանակին կողմէ ահաբեկչական բջիջներու բացայայտումը, ինչպէս նաեւ ընդգծուեցաւ ապահովական կառոյցներուն միջեւ գործակցութեան ամրապնդումը:
Նախագահ Սլէյման առանձին հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Միքաթիի հետ:
Քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը:
Հանրապետութեան նախագահը ընդունեց նաեւ ընկերային հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն օժանդակելու իմաստով որդեգրուած քայլերն ու անոնց մատուցուած ծառայութիւնները:

