Լիբանանեան Տարբեր Կողմեր Ուժանիւթի Նախարարութիւնը Կ՛ուզեն Յանձնել Դաշնակցութեան

Կառավարութեան կազմութեան ուղղութեամբ ընթացող բանակցութիւններուն եւ կառավարութեան մէջ հայ համայնքի ներկայացուցիչին մասնակցութեան լուսաբանման համար «Ազդակ» դիմեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յակոբ Խաչերեանին, որ փոխանցեց հետեւեալը.

Կառավարութեան կազմութեան շուրջ բանակցութիւնները վերաշխուժացած են վերջին օրերուն: ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շարունակէ ունենալ բազմակողմանի հանդիպումներ թէ՛ երկրի նախագահին, օրէնսդիր ու գործադիր պետերուն, ինչպէս նաեւ խորհրդարանական խմբակցութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ լիբանանեան քաղաքական կուսակցապետերուն հետ: Կեդրոնական կոմիտէն բոլոր հանդիպումներուն կը շեշտէ այս կարեւոր հանգրուանին կառավարութիւն կազմելու անհրաժեշտութիւնը եւ իր պատրաստակամութիւնը`  խոչընդոտներու հարթումին մէջ դերակատարութիւն ունենալու:

Այս ծիրին մէջ ալ , երբ տարբեր կողմերէ կ՛առաջարկուի կառավարութեան կազմութեան յայտարարուած խոչընդոտներէն հանդիսացող հանգոյցի վերածուած ուժանիւթի նախարարութիւնը վստահիլ Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուող հայ համայնքի ներկայացուցիչին, Կեդրոնական կոմիտէն իր համաձայնութիւնը  կը յայտնէ ստանձնելու այդ պատասխանատուութիւնը:

Կազմուելիք կառավարութեան համար ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կ՛առաջադրէ  Հայկական  երեսփոխանական պլոքի անդամ, նախկին նախարար Արթիւր Նազարեանը:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )