Աբրահամեան. «Եթէ Պատերազմ Պարտադրեն, Պիտի Տանք Արժանի Հակահարուած»
«Մենք, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն, կը քարոզենք, որ մեր առջեւ դրուած խնդիրները պէտք է լուծենք խաղաղ բանակցութիւններով, սակայն ատիկա միակողմանի չըլլար», երէկ յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան:
«Ազրպէյճանի իշխանութիւնները տակաւին ողջմիտ քաղաքականութիւն չեն դրսեւորեր: Անշուշտ մենք կը ցանկանք խաղաղութիւն, բայց եթէ մեզի պատերազմ պարտադրեն, մենք արժանի հակահարուած պիտի տանք եւ պիտի պաշտպանենք մեր հայրենիքը, մեր հողը, մեր ջուրը», ըսաւ խորհրդարանի նախագահը` Տաւուշի մարզին մէջ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ ունեցած ելոյթին ընթացքին:
Աբրահամեան ընդգծեց, որ Հայաստանի իշխանութիւնները` նախագահին գլխաւորութեամբ, բանակի կողքին կանգնած են:
Ազգային ժողովի նախագահը նաեւ բարձրացաւ սահմանապահ դիրքեր եւ թէյի սեղանին շուրջ զրուցեց սպայական անձնակազմին եւ զինուորներուն հետ:
Տաւուշի մարզին տրուած աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ Աբրահամեան երէկ այցելեց Բերքաբեր, Վազաշէն, Ազատամուտ համայնքները: Ամփոփելով այցելութեան արդիւնքները` ան կարեւոր նկատեց սահմանամերձ բնակավայրերու դերը եւ նշեց, որ կառավարութեան հետ կը ձեռնարկեն քայլեր` օրէնսդրօրէն ամրագրելու սահմանապահ գիւղերու խնդիրները, տարանջատելու սահմանամերձ գիւղերու խնդիրները միւս համայնքներու խնդիրներէն:

