Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Շատոնց ձեր փայփայած մէկ երազանքը իրականութիւն պիտի ըլլայ` շնորհիւ ձեր համբերատար սպասումին եւ ձեր շնորհներուն: Մնացէք նոյն առողջ տրամադրութեամբ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ծրագիրներուն մասին նախօրօք մի՛ արտայայտուիք: Լաւ պատրաստուեցէք, իրագործումը լոյսին բերէք, այն ատեն կը գնահատուիք բոլորէն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւագոյնին ձգտիլը կը վնասէ լաւին կիրարկման: Այդքան բծախնդրութիւն կը կաղացնէ աշխատանքին յառաջընթացը: Ընդունեցէք լաւը, լաւագոյնը կու գայ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ջուրը լաւագոյն եւ առողջարար ըմպելին է: Հեռու մնացէք ալքոլի յաճախակի օգտագործումէ: Խմիչքը հոգերը չի փարատեր, այլ կը բազմացնէ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արուեստը կը սիրէք մշակոյթի յատուկ ձեռնարկները կրնան նոր ճամբայ բանալ ձեր դիմաց արուեստի կապակցութեամբ ձեր կատարելիք աշխատանքին:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր գաղտնիքը մի՛ արտայայտէք ոեւէ մէկուն, որովհետեւ երկրորդ լսողը որքան ալ գաղտնապահ ըլլայ, կրնայ անգիտակցաբար արտայայտուիլ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ձեր մտածումը կամ տեսակէտը ճշմարտութիւն մի նկատէք: Որքան մարդիկ, այնքա՛ն կարծիք: Նկատի առէք նաեւ այլոց տեսակէտը եւ բաղդատեցէք ձերինին հետ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ընտանիքին մէջ նորութիւն մը հաւանական է: Նոր ծնունդ մը կամ կարգի ուրախ, երջանկաբեր բարիք: Բախտն ալ ունի իր քմայքը, կու գայ իր ուզած ժամուն:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դրամական հարցերը յաճախ խնդրայարոյց կ՛ըլլան, մասնաւորաբար երբ նիւթական ժառանգութիւն մը կ՛ակնկալուի: Նման պարագայի եղէք հաշտարար:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Այս շաբաթավերջին պտոյտ մը դէպի բնութիւն` կը խանդավառէ ձեզ: Լաւ կ՛ընէք, եթէ ձեր սիրած անձին կամ սիրելի բարեկամներու հետ կատարէք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Անծանօթ վայր մը տեսնելու ձեր փափաքը կրնաք իրագործել, եթէ դիմէք շրջապտոյտ կազմակերպող ընկերութեան մը ցուցակին: Անգիտակցաբար ճամբայ մի՛ ելլէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատանքը պիտի գնահատուի ձեր մեծաւորներուն կողմէ, նիւթապէս եւ բարոյապէս: Օրը ունի յառաջդիմելու լաւ առիթներ, օգտագործեցէք ժամանակը` առանց վաղուան սպասելու:

