50 Տարի Առաջ (15 Փետրուար 1964)
Խմբագրական
Տարի Մը Առաջ Էր…
(Երջանկայիշատակ Զարեհ. Ա. Կաթողիկոսի Տարելիցին Առիթով)
Տարին կարծէք ակնթարթի մը պէս անցաւ այն օրէն, երբ համայն հայութիւնը մատնուեցաւ անսովոր ալեկոծութեան մը, խոր վշտաբեկումի եւ անմխիթար ցաւի ներքին տառապանքով:
Մահը անկաշառ դատաւորն է բոլո՛ր կեանքերուն: Մահուան փոսը այն անծայրածիր անջրպետն է, որ մարդիկը կը բաժնէ փոքրէն, նսեմէն, հաշիւէն, բանալով լայն հորիզոնները` մեծին, վսեմին ու Արժէքին, տալով կշիռը գործին, որ անկորնչելի է:
Հոգիները հազիւ գտած են իրենց հանդարտութիւնը, ու արդէն` տարելիցն է: Տարելիցը Մեծ հովուապետի մը, որ գարուն հասակին փակեց աչքերը յաւիտենապէս, իր ժողովուրդի ծո՛վ արցունքներուն մէջ, սուգի սեւ քողը նետելով իր Աթոռին ու մեր կեանքին վրայ, որ իրմով կը հպարտանար, իրմով կը պարծենար, իր անձին ու հմայքին կապած է գեղեցիկ երազները ապագային, որ պիտի ըլլար անպայմանօրէն լուսաշող, անպայմանօրէն պայծառ ու արփաւէտ:
Ու ցաւը եղաւ այնքան մեծ, որքան գեղեցիկ էին այդ երազները, ափսոսանքը այնքան խոր, որքան զօրաւոր էին այդ յոյսերը, որոնք կը տարածուէին հայ կեանքին վրայ, հոս թէ այլուր, գաղթաշխարհի մէկ ծայրէն միւսը:
Զարեհ Ա. կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ դարաւոր Աթոռին վրայ բարձրացաւ, երբ ներսէն թէ դուրսէն, այնքան ահաւոր վտանգներ կը սպառնային հայրապետական այդ գահին անկախութեան եւ տեւականացման: Գիտակից այդ բոլորին, այլ մանաւանդ` կոչումովը անձնդիր նուիրեալին, երիտասարդ վեհափառը, միակ զէնք ունենալով Ս. Աւետարանը, ու նաեւ իր անձէն բխող անսահման բարութեամբ գօտեպնդուած` իր գահակալութեան եօթը տարիներու ընթացքին (եւ ի՜նչ տարիներ) կրցաւ բարձրանալ բոլոր վէճերէն վեր, նայուածքը ուղղած յաւիտենական արժէքներուն, եւ խորապէս համոզուած, որ անցողակի երեւոյթները տեղի կու տան Գործին մեծութեան առջեւ:
Ու այդպէս ալ եղաւ: Երանաշնորհ հայրապետին գահակալութեան եօթը տարիները, հակառակ բազմապիսի դժուարութիւններու, եղան վերաշինութեան, զարգացման շրջան մը, որ ընդգրկեց կաթողիկոսութեան թեմերու ազգային- եկեղեցական կեանքի բոլոր կալուածները: Տակաւին եւ գեղեցիկ իրագործումներու լայն հորիզոններ բացուեցան, անձնուէր ու անխոնջ ծառայութեամբ միաբանութեան, որուն երիտասարդ անդամները, իրենց հոգեւոր առաջնորդին անձնական օրինակով ու անոր շունչով ու ոգիով լծուեցան աստուածահաճոյ գործի մը ի խնդիր հայաստանեայց եկեղեցւոյ պայծառութեան եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան:
Այսօր, Վեհափառի վախճանման տարելիցին առիթով, երբ հայ ժողովուրդը կը պատրաստուի համազգային սուգով յարգելու իր անթառամ յիշատակը, մեր ցաւին ու ափսոսանքին մեղմացումը կը գտնենք շարունակութեանը մէջ այն գործին, որուն հիմը դրաւ երջանկայիշատակ կաթողիկոսը:
Ու այդ գործը շարունակողը ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ հոգելոյս հայրապետին հարազատը` Խորէն Ա. կաթողիկոսը, որ իր նախորդի կենդանութեան անոր թիկունք ու ապաւէն հանդիսանալէ ետք, իր գահակալութեան բարեբաստիկ օրէն ի վեր ուխտած է աւելի եւս պայծառացնել հայ եկեղեցին, որուն պատարագի սեղանին վրայ զոհուեցաւ իր ընկերը:
Հայ ժողովուրդը, որ հոգեւին փարած է իր եկեղեցիին, Խորէն Ա. վեհափառի իմաստուն ղեկավարութեան մէջ կը տեսնէ գրաւականը հեռանկարներու, որոնք պիտի բացուին մեր կեանքին առջեւ, փայլուն ապագայի մը խոստումով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութիւնը, խորապէս գիտակից իր կոչումին եւ առաքելութեան, պիտի կատարէ իր պարտականութիւնը հայութեան հանդէպ` գօտեպնդուած լուսահոգի հայրապետին քաղցր յիշատակով:

