Անտեսանելի Երկնաքեր Մը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մօտ օրէն անտեսանելի երկնաքեր մը պիտի բարձրանայ Հարաւային Քորէայի Ինշէոն քաղաքին մէջ, մայրաքաղաք Սէուլի օդակայանին մօտ: Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է նման շէնք մը շինել:
Հարաւային Քորէայի մէջ, 450 մեթր բարձրութիւն ունեցող «Թաուր ինֆինիթի» (անսահման աշտարակը) պիտի դառնայ աշխարհի վեցերորդ ամէնէն բարձր աշտարակը:
Անոր կառուցումը պիտի սկսի այս տարի: Սակայն այս աշտարակը իւրայատուկ պիտի ըլլայ. անիկա պիտի կարենայ անտեսանելի դառնալ:
Ինչպէ՞ս
Աշտարակը ծածկուած պիտի ըլլայ հսկայական պաստառներով, քամերաներով եւ միլիոնաւոր լամբերով: Քամերաները պիտի նկարեն շէնքին ետեւը պատահածը եւ նոյն ժամանակ այդ տեսարանները պիտի սփռեն միւս կողմի շէնքին երկայնքին պաստառներուն վրայ: Այս ձեւով մենք շէնքին ընդմէջէն տեսնելու տպաւորութիւնը պիտի ունենանք:
Վտանգաւո՞ր
Սակայն հոս հարց մը կը ծագի: Նման շէնք մը, որ կրնայ անտեսանելի դառնալ, օդակայանի մը քով զետեղուած, արդեօ՞ք վտանգաւոր կրնայ ըլլալ: Ըստ հարաւքորէացի պատասխանատուներուն, պատասխանը ոչ է: Որովհետեւ այս անտեսանելիութեան տպաւորութիւնը միայն գետնէն «կ՛երեւի»: Երկինքէն աշտարակը ամբողջովին տեսանելի է: Հետեւաբար օդանաւերը եւ թռչունները դժուարութիւն պիտի չունենան անկէ հեռու մնալու:
Ուրկէ՞ Կու Գայ Աւազը
Մենք աւազ կը գտնենք լեռնային կարգ մը շրջաններու մէջ, ծովերուն եւ գետերուն մէջ: Աւազը ջուրին կամ հովին կողմէ լքուած նիւթ մըն է: Անիկա կու գայ ժայռի կտորներէ, յատկապէս` քուարցի հատիկներէ, որոնք յղկուած կ՛ըլլան ջուրէն կամ հովէն:
Աւազը շատ գործածուած նիւթ մըն է: Անիկա կը գործածուի շինարարութեան մէջ, ապակի շինելու համար… Անապատի աւազը չենք կրնար գործածել, որովհետեւ անիկա շատ մանր է:
Այս վերջին տարիներուն շինարարութիւնը շատցած է Ասիոյ եւ Ափրիկէի մէջ. իբրեւ հետեւանք` աւազի սպառումն ալ բարձրացած է: Այս պատճառով մարդիկ սկսած են աւազ հաւաքել որեւէ մէկ տեղէ` ծովափներէն, լեռներէն… առանց մտահոգուելու կենսոլորտին վրայ այս երեւոյթին ժխտական ազդեցութենէն: Ներկայիս ծովեզերքները մաշումի վտանգի տակ կը գտնուին: Այս վիճակը կը ծանրանայ նաեւ աւազի չափազանուած հաւաքելու ամբարտակներու կառուցման եւ ծովու մակարդակին բարձրանալուն պատճառներով:
Գոյութիւն ունի նաեւ ուրիշ մտահոգութիւն մը: Մարդիկ աւազը կ՛առնեն ծովեզերքներէն եւ ցամաքէն` ծովուն խորերէն առնելու փոխարէն: Եւ եթէ անոնք այս կշռոյթով շարունակեն, ցամաքամասին վրայ գտնուող աւազներու պահեստները պիտի վերջանան: Աւազի չգոյութիւնը պիտի սկսի:
Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ
- Խոտը աւելի կ՛անաչ կ՛երեւի աղջիկներուն, քան` մանչերուն:
- Սկիւռները իրենց ոտքերէն կը քրտնին:
- Լուսինին վրայ երկինքը միշտ սեւ է:
- Մանրէներէն միայն 0.1 առ հարիւրը մեզ կը հիւանդացնէ:
- Աշխարհի բնակչութեան նուազ քան 2 առ հարիւրը բնականօրէն կարմիր մազեր ունի:
- Մենք հոտերու հանդէպ աւելի զգայուն կ՛ըլլանք, երբ անօթ ենք:
- Ուրանոս մոլորակը Ճորճ պիտի անուանուէր:
- Փիղերը իրարու կանչերը կրնան լսել մինչեւ 8 քմ հեռաւորութենէն:
- Միջին հաշուով, չափահաս մը մօտաւորապէս 11 սուտ կը խօսի մէկ շաբթուան մէջ:
- Աշխարհի խոզերուն կէսը կ՛ապրի Չինաստանի մէջ:
- Նեփալ միակ երկիրն է, որուն դրօշակը քառանկիւն չէ:

Քանատայի Նովա Սքոշիա շրջանին Հալիֆաքս քաղաքին մէջ Թաքսիտօ Սթան կոչուած կատու մը ներկայացած է իբրեւ քաղաքապետի պաշտօնի թեկնածու:

Սորոփոտ հոյամողէսներուն վիզերը վեց անգամ աւելի երկար էին, քան` ընձուղտին վիզը:
Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Երկնաքերերէն

Թայփէյ 101
– Բարձրութիւն` 508 մեթր
– Քաղաք` Թայփէյ (Թայուան)
– Կառուցման աւարտ` 2004

Պուրժ Խալիֆա
– Բարձրութիւն` 828 մեթր
– Քաղաք` Տուպայ:
– Կառուցման աւարտ` 2010

Ինթըրնեշընըլ Քոմերս սենթըր
– Բարձրութիւն` 483 մեթր
– Քաղաք` Հոնկ Քոնկ (Չինաստան)

Շանկհայ Ուըրլտ Ֆայնենշըլ սենթըր
– Բարձրութիւն` 492 մեթր
– Քաղաք` Շանկհայ (Չինաստան)
– Կառուցման աւարտ` 2008

Նանժինկ Կրինլանտ Ֆայնենշըլ սենթըր
– Բարձրութիւն` 450 մեթր
– Քաղաք` Նանքին (Չինաստան):
– Կառուցման աւարտ` 20

Փեթրոնաս Թուին Թաուըրզ
– Բարձրութիւն` 452 մեթր
– Քաղաք` Քուալա Լամփուր (Մալեզիա)
– Կառուցման աւարտ` 1998

Կուանկզու Ուեսթ Թաուըր
– Բարձրութիւն` 438 մեթր
– Քաղաք` Քանթոն (Չինաստան):
– Կառուցման աւարտ` 2010

Ուիլիս Թաուըր
– Բարձրութիւն` 442 մեթր
– Քաղաք` Շիքակօ (Միացեալ Նահանգներ):
– Կառուցման աւարտ` 1973

Էյֆել աշտարակ
– Բարձրութիւն` 324 մեթր
– Քաղաք` Փարիզ (Ֆրանսա):
– Կառուցման աւարտ` 1889

Թրամփ Ինթըրնեշընըլ հոթել էնտ թաուըր
– Բարձրութիւն` 423 մեթր
– Քաղաք` Շիքակօ (Միացեալ Նահանգներ):
– Կառուցման աւարտ` 2009
Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել նկարին համապատասխանող ցոլացումը:

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւրին պատկանող խմիչքը:

Կրնա՞ս գտնել վարի պատկերին մէջ պահուած վերի 13 տարրերը:

