Մխիթարեան Ընդգրկուեցաւ Եւրոպայի Յառաջատար Ախոյեանութիւններու Խորհրդանշական Հաւաքականին Մէջ
ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ ֆութպոլի վիճակագրութեան հանրածանօթ whoscored.com կայքը կազմած է վերջին շաբթուան (4-10 փետրուար) Եւրոպայի լաւագոյն ախոյեանութիւններուն խորհրդանշական հաւաքականը:
Այդ խորհրդանշական հաւաքականին մէջ յայտնուած է նաեւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ Վերտըր Պրեմընի դէմ իր արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (5-1) տուպլէ մը իրագործած էր:
Այդ հաւաքականին մէջ ամէնէն շատ մարզիկը ունի Լիվըրփուլ (3), Տորթմունտ` 2, իսկ մէկական մարզիկ ունին Լեվանթէ, Վալենսիա, Փարմա, Շալքէ, Հերթա Պերլին եւ Պարսելոնա:
CATEGORIES Մարզական