Սպարտակի Մարզադաշտին Մէջ Պիտի Զետեղուի Նիքիթա Սիմոնեանի Արձանը

565Սպարտակ Մոսկուայի նոր մարզադաշտը կառուցող գլխաւոր ճարտարապետ Ալեքսանտր Շիշլօ նշեց, որ մարզադաշտին տարածքին մէջ կը նախատեսուի անուանի մարզիկներուն արձանները տեղադրել:

Խօսքը կը վերաբերի Նիքիթա Սիմոնեանին, Իկոր Նեթոյին, Սթարոսթ եղբայրներուն եւ այլ հռչակաւոր ֆութպոլիստներուն, կը յայտնէ ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը` երէկ իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ:

Ըստ Շիշլոյի, կը նախատեսուի նաեւ մարզադաշտին տարածքին մէջ ակումբին յատուկ թանգարանը բանալ:

Կը նախատեսուի 23 յուլիսին կատարել մարզադաշտին բացման հանդիսութիւնը: Անիկա ապագային պիտի հիւրընկալէ 42 հազար հանդիսատես:

Share this Article
CATEGORIES