Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս – ՀՄԸՄ` 72-51

Թատամոն - Մութթահետ մրցումէն PROFOTO

Թատամոն – Մութթահետ մրցումէն
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ երեկոյեան Ժիպէյլի մէջ Պիպլոս հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը:

Մրցումին չորս քորթըրներէն միայն առաջինին գերազանցելով Պիպլոսը, ՀՄԸՄ չկրցաւ յաղթական դուրս գալ այս ճակատումէն եւ 72-51 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց (16-19, 32-27, 59-38 եւ 72-51):

Այսպիսով, ՀՄԸՄ ցարդ իր կատարած չորս մրցումին երեքին պարտութիւն կրեց:

Երէկուան այս մրցումին, ՀԱԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Թերընս Լիթըր` 15: Իսկ Պիպլոսէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ճեսմըն Եանկպլատ (21):

Թատամոն, որ իր դաշտին վրայ երէկ հիւրընկալեց Մութթահետը, 86-73 արդիւնքով պարտուեցաւ անկէ: Առաջին երկու քորթըրներուն Թատամոն ինք յառաջացաւ (23-19 եւ 45-37), իսկ վերջին երկուքին` Մութթահետ (55-59 եւ 77-86):

Մութթահետէն ետք Չարլզ Թապեթ եւ Հասան Ուայթսայտ նշանակեցին 27-ական կէտ, իսկ Թատամոնէն նոյնքան կէտ նշանաեց Ճերիտ Ֆէյմս:

4-րդ հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ երեկոյեան ժամը 18:00-ին Ղազիրի մէջ Սաժես կը հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:

Share this Article
CATEGORIES