Թմրամոլութիւնը Մարտահրաւէր` Հաւաքականութեան

ՃՈՐՃ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ   

testՄարդկային ընկերութեանց պատմութեան մէջ բնական երեւոյթներ են ընկերային ախտերը, յոռի բարքերը եւ մոլութիւնները: Ո՛չ մէկ հաւաքականութիւն զերծ եղած է անոնցմէ, ո՛չ մէկ հաւաքականութիւն անխոցելի դիմադրողականութիւն ցուցաբերած է անոնց:

Հարկ է ուշադրութիւն դարձնել այն հանգամանքին, թէ հակառակ այն իրականութեան, որ յոռի բարքերը, մոլութիւնները, առաջին հերթին եւ գլխաւորաբար վնաս կը հասցնեն, աւելի շուտ` կը կործանե՛ն անոնց գերին դարձող անհատն ու անոր հետ անմիջականօրէն առնչուողները. հակառակ ասոր, հաւաքականութիւնները հազարամեակներէ ի վեր հաւաքականութեան խնդիր եւ պարտականութիւն դարձուցած են այդ երեւոյթներուն դէմ պայքարը: Կրօններով, պետական օրէնքներով, ընկերային եւ աւանդական կանոններով մարդկային ընկերութիւնը հաւաքաբա՛ր փորձած է արգիլել այդ երեւոյթները, կամ գէթ` սահմանափակել անոնց տարածումն ու վնասը:

Պատահականութիւն չէ ասիկա, ո՛չ ալ` քանի մը գերուղղափառ բարոյախօսներու կաղապարուած աշխարհահայեացքի պարտադրում: Հաւաքականութիւնները հաւաքական օրակարգի հարցի վերածած են յոռի բարքերն ու մոլութիւնները, որովհետեւ հազարամեակներ առաջ յստակ դարձաւ, թէ անոնք ոչ միայն անհատներ եւ ընտանիքներ, այլ ամբողջ ընկերութիւններ կը կործանեն:

amber-heard-face-142Իսկ ինչ կը վերաբերի արդի ժամանակներու յոռեգոյն մոլութեան` թմրամոլութեան, ապա անիկա լաւագոյն ապացոյցն է վերոյիշեալ հաստատումի ճշմարտութեան: Այս ախտը ոչ միայն կը կործանէ անհատը եւ անոր ընտանիքը, այլ ծանր հարուած կու տայ ամբողջ հաւաքականութեան, անոր տնտեսութեան, ապահովական վիճակին, արդիւնաբերութեան: Աւելի՛ն. առաջին հերթին թիրախ դարձնելով տուեալ հաւաքականութեան երիտասարդութիւնը` այս ախտը կը հարուածէ, սաղմին մէջ կը խեղդէ, կանխաւ կորստեան կը դատապարտէ այդ հաւաքականութեան ԱՊԱԳԱ՛Ն:

Ճի՛շդ է, որ հայութիւնը ընդհանրապէս, եւ սփիւռքահայութիւնը մասնաւորապէս, կը դիմագրաւեն բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Այդ մարտահրաւէրներէն յիշենք` հայապահպանումը, սփիւռքի կառոյցներու պահպանումը, գաղթօճախներէն ոմանց ահազանգային վիճակը, Ցեղասպանութեան եւ Արեւմտահայաստանի առնչութեամբ պահանջատիրութիւնը, հայրենի պետականութիւններուն նեցուկ կանգնելու հրամայականը եւ այլն, եւ այլն:

Այնուհանդերձ, պէտք չէ մոռնալ, որ աշխատանքի եւ պայքարի այս մեծ ու ծանր դաշտերուն վրայ գլխաւոր դերը վերապահուած է երիտասարդութեան: Միայն առողջ, գիտակից, կայուն ու հետեւողական աշխատանքի ատակ երիտասարդն է հայ ընտանիքը պահպանելու, հայութիւնը պահպանելու եւ անոր առջեւ ծառացող մարտահրաւէրները յաջողութեամբ դիմագրաւելու գրաւականը:

Ուստի հայ երիտասարդը կերտելն ու պաշտպանելը հաւաքակա՛ն պարտականութիւն է եւ հաւաքական կարի՛ք. կենսակա՛ն կարիք: Իսկ մեր երիտասարդութեան ուղղուած ամէն վտանգ, ամէն սպառնալիք մեր հաւաքական իղձերուն, մեր հաւաքականութեան ապագային, մեր հաւաքականութեա՛ն ուղղուած գոյութենական սպառնալիք է:

Ասկէ մեկնած` ոչ միայն ողջունելի է թմրամոլութեան դէմ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆ Ճիգը, այլ նաեւ` հրամայակա՛ն: Եւ իւրաքանչիւր հայու եւ հայկական կառոյցի պարտքն ու պարտականութիւնն է իր ներդրումը ունենալ այս հաւաքական պայքարին մէջ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES