«Ֆորմիւլա-1». Հաւանաբար 2015-ի Ախոյեանութեան Մասնակցին Երկու Նոր Խումբեր

Իր լուրը քաղելով իտալական Autosprint կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը կը յայտնէ, որ շատ հաւանաբար «Ֆորմիւլա-1»-ի 2015-ի աշխարհի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերեն յաւելեալ երկու խումբեր:

Նախորդ շաբաթ Ինքնաշարժներու միջազգային ֆետերասիոնը (FIA) իր նիստերէն մէկուն ընթացքին քննարկած է այս հարցը, սակայն այդ ուղղութեամբ ցարդ պաշտօնապէս ոչինչ կը յայտարարուի:

Share this Article
CATEGORIES