Վարազդատ Աւետիսեան Աւարտեց Մարզիչի Իր Արհեստավարժ Ասպարէզը

varazdat_avetisyanԻր լուրը քաղելով Փիւնիկի պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հայկական լրատուական կայքը երէկ յայտնեց, որ Փիւնիկ Երեւանի ֆութպոլի մարզիչ Վարազդատ Աւետիսեան որոշեց աւարտել մարզիչի իր արհեստավարժ ասպարէզը:

Ան կը կատարէր խումբին գլխաւոր մարզիչի պարտականութիւնները, մինչեւ Սարգիս Յովսէփեանի նշանակումը:

Վարազդատ Աւետիսեան անցեալին գլխաւորած է նաեւ Հայաստանի 17 եւ 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականները:

Իր լուրը եզրափակելով` հայկական աղբիւրը ըսաւ, որ Աւետիսեան 2013-ին ստացած էր «ՓՐՕ» կարգի մարզիչի արտօնագիր` շուրջ երկու տարի տարբեր դասընթացքներու մասնակցելէ ետք:

 

 

Share this Article
CATEGORIES