Սպարտակ Առանց Մովսիսեանի Եւ Օզպիլիսի Պարտուեցաւ (5-0)
Փորթուգալի մէջ ուսումնամարզական հաւաքի մասնակցող եւ «Աթլանթիք Քափ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Սպարտակ Մոսկուա կրեց 5-0 արդիւնքով բաւական ծանր պարտութիւն մը` Քոփենհակընէն (Դանիա):
Այս մրցումէն կը բացակայէին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի մարզիկներ Արազ Օզպիլիս եւ Եուրա Մովսիսեան:
9-րդ վայրկեանէն ետք ռուսական ակումբը մրցումը շարունակեց տասը մարզիկով, երբ Եւգենի Մաքէեւ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Իր կրած այս պարտութեան իբրեւ հետեւանք, Սպարտակ «Աթլանթիք Քափ»-ի մրցաշարքը աւարտեց 3-րդ դիրքին վրայ:
CATEGORIES Մարզական

