Սուրիոյ Մէջ 5 Ազրպէյճանցի Զինեալ Մահացած Է

Azerbaijanis14021014ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ քանի մը ազրպէյճանցիներ մահացած են:

Ժիհատական կայքի մը մէջ տեղադրուած տեղեկութեան համաձայն, Սուրիոյ մէջ կառավարական ուժերու կողմէ սպաննուած ազրպէյճանցիներուն մեծ մասը Սումկայիթի բնակիչներ են:

Կը նշուին նաեւ անոնց անունները` Հանզալ Սումկայիթլի, Ապտուլ Վահիտ Սումկայիթլի, Ապտուլմալիք Սումկայիթլի, Ատու Տաւիտ Սումկայիթլի եւ Ապտու Ռազզաք:

Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ իրավիճակին սրուելէն ետք Ազրպէյճանի խումբ մը քաղաքացիներ մեկնած են այդ երկիր եւ սկսած են զինուորական գործողութիւններ ծաւալել տարբեր խմբաւորումներու շրջանին մէջ:

Անցնող ժամանակաշրջանին ընթացքին մարտերու ընթացքին սպաննուած է աւելի քան հարիւր ազրպէյճանցի:

 

Share this Article
CATEGORIES