Անգարայի Մէջ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանը Կը Յայտարարէ. «Թուրքիոյ Մէջ Գործող Խմբաւորումներ Կը Ջանան Սէուտցի Երիտասարդներ Մոլորեցնել»
Անգարայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ատել Մըրտատ յայտնեց, որ դեսպանատունը չ՛ուզեր նշել թիւը անցեալ ամիսներուն ընթացքին Սուրիոյ կռիւներուն մասնակցելու համար այդ երկիր մուտք գործած սէուտցի քաղաքացիներուն, որոնց «վերատիրացած» է դեսպանատունը` նշելով, որ «դեսպանատան միակ գործը ծառայելն է իրեն հետ կապ հաստատած քաղաքացիներուն եւ անոնց օգնել, որ վերադառնան»:
Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը զգուշացուց, որ «Թուրքիոյ մէջ գործող խմբաւորումներ կը ջանան սէուտցի երիտասարդներ մոլորեցնել»:
Ան տակաւին Սուրիոյ մէջ գտնուող սէուտցի քաղաքացիներուն կոչ ուղղեց` օգտուելու շուրջ երկու շաբաթ առաջ հրապարակուած թագաւորական հրամանագիրի առիթէն` նշելով, որ «դեսպանատան անձնակազմը տիւ ու գիշեր կ՛աշխատի վերատիրանալու համար սէուտցի երիտասարդներուն, որոնք այդտեղ (Սուրիա. «Ա.») գացած են»:

