Եգիպտոսի Մէջ Նախագահական Ընտրութեան Օրինագիծը Պիտի Յայտարարուի 16 Կամ 17 Փետրուարին
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարի Հարֆ յայտնեց, որ «ո՛չ Միացեալ Նահանգներ, ո՛չ ալ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին կ՛որոշեն, թէ ո՛վ Եգիպտոսի պիտի իշխէ»: Ան ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգներ-Եգիպտոս պատմական յարաբերութիւնները պիտի շարունակուին եւ Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար Ապտելֆաթթահ Սիսիի ու արտաքին գործոց նախարար Նեպիլ Ֆահմիի Ռուսիա այցելութենէն պիտի չազդուին:
«Մենք Եգիպտոսի նախագահութեան ոեւէ թեկնածուի չենք աջակցիր», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Եգիպտոսի մէջ իշխանութեան վերաբերեալ որոշումը եգիպտացի ժողովուրդին կը վերաբերի»:
Բրիտանական «Թայմզ» օրաթերթը կը գրէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին զօրակցութիւն յայտնեց Եգիպտոսի պաշտպանութեան նախարար Ապտելֆաթթահ Սիսիի, որ կը նախատեսուի, թէ նախագահ ընտրուի, այդպիսով Միջին Արեւելքի մէջ հաւատարմութեանց փոփոխութեան վերաբերեալ ուժգին պատգամ մը ուղղելով Ուաշինկթընի: Օրաթերթը կը նշէ, որ Փութին Մոսկուայի մէջ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն առջեւ զօրակցութիւն յայտնեց Սիսիի, հակառակ անոր որ վերջինս տակաւին Եգիպտոսի նախագահութեան իր թեկնածութիւնը չյայտարարեց:
Օրաթերթը կը նշէ, որ Ռուսիա այդպիսով ցոյց կու տայ իր փափաքը Միացեալ Նահանգներու փոխարէն Եգիպտոսի իբրեւ օտար ամէնէն կարեւոր դաշնակիցը ըլլալու:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի ժամանակաւոր նախագահ Ատլի Մանսուրի սահմանադրական հարցերով խորհրդական Ալի Աուատ սէուտական «Օքազ» օրաթերթին յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան օրինագիծին վերաբերեալ նախագահութեան ստացած բոլոր առաջարկները բծախնդրութեամբ պիտի ուսումնասիրուին` առ ի պատրաստութիւն 16 կամ 17 փետրուարին օրէնքի հրապարակման:
Ան ըսաւ, որ նախագահական ընտրութեան կեդրոնական յանձնախումբը քանի մը օրէն ժողով պիտի գումարէ` քննարկելու համար ներկայացուած առաջարկները եւ օրինագիծը փոխանցելու պետական խորհուրդին` ստանալու համար վերջինիս կարծիքը: