«Ժընեւ-2»-ը Տապալելու Փորձեր Կը Կատարուին» Ըսաւ Լաւրով

Շթայնմայըր եւ Լաւրով
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտնեց, որ քիմիական զէնքի օգտագործման պատրուակի ձախողութենէն ետք ոմանք ջանք կը թափեն Սուրիոյ մէջ մարդասիրական կացութիւնը քաղաքականացնելու:
Լաւրով Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Շթայնմայըրի հետ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ «գոյութիւն ունին ոմանք, որոնք կը փորձեն Ժընեւի հաղորդագրութիւնը սուրիական վարչակարգը տապալելու իբրեւ նախաբան օգտագործել»` նշելով, որ «սուրիական կառավարական պատուիրակութիւնը Ժընեւէն հեռանալ ստիպելու հաշիւներ կրնան ըլլալ»:
Ռուսական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի եւ ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինի նախագահ Ահմետ Ժարպա «մեզի խոստացան Ժընեւի մէջ ընդդիմութեան պատուիրակութիւնը ընդլայնել»:
Լաւրով յայտնեց, որ ժընեւեան բանակցութիւնները տապալելու փորձեր կը կատարուին: «Ատիկա զիս շատ կ՛անհանգստացնէ` նախ եւ առաջ այն պատճառով, որ մենք կը տեսնենք քաղաքական լուծումը տապալելու ուղղուած պատճառաբանութեան ծրագրաւորեալ փնտռտուք: Եւ, ի հարկէ, երբ Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի նախագահները մամլոյ ասուլիսներու ժամանակ կ՛ըսեն, որ հաւանական է, որ խնդիրը միայն բանակցութիւններով չաւարտի, ատիկա մեր մօտ անհանգստութիւն կը յառաջացնէ», ըսաւ ան:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր կարգին յոյս յայտնեց, որ Ժընեւի մէջ ընթացող բանակցութիւնները յաջողին: Շթայնմայըր յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է չմասնակցիլ սուրիական քիմիական զէնքերու ոչնչացման` նշելով, որ կառավարութիւնը կը յուսայ այդ զէնքերու փոխադրութեան գործողութեան մասնակցութեան համար գերմանական խորհրդարանի հաւանութիւնը ստանալ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով երէկ վստահեցուց, որ «սուրիական կառավարութիւնը «Ժընեւ-2»-ի բանակցութիւններէն հեռանալու ծրագիրներ չունի»` շեշտելով, որ ժընեւեան բանակցութիւնները տակաւին անելի չեն մատնուած:
Սուրիական ընդդիմադիր Ազգային համաձայնական մարմինը երէկ յայտնեց, որ Իպրահիմի Ժընեւի մէջ բանակցութեանց 3-րդ փուլ մը կը ծրագրէ, սակայն ատոր թուականը տակաւին չէ ճշդուած:

