Նախագահ Սարգսեան Կը Բացառէ Կտրուկ Գնաճը Մաքսային Միութեան Միանալու Պարագային

5463_bՀայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ կտրուկ գնաճի մասին տեղեկութիւններու տարածումը անթոյլատրելի նկատեց եւ նշեց, որ պատկան մարմինները պէտք է աշխուժօրէն հրապարակային մեկնաբանութիւններ տան որեւէ նմանօրինակ ապատեղեկատուութեան տարածման պարագային:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այս մասին խօսեցաւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան ղեկավար անձնակազմի հետ խորհրդակցութեան ժամանակ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ որքանո՞վ իրականութեան կը համապատասխանեն Մաքսային միութեան Հայաստանի միանալէն ետք իբրեւ թէ  անխուսափելի կտրուկ գնաճի մասին տարածուող տեղեկութիւնները, որոնք հասարակութեան մէջ անհանգստութիւն կը յառաջացնեն, հանրապետութեան նախագահը վստահեցուց, որ կտրուկ գնաճ չի կրնար ըլլալ` անկախ անկէ, որ Հայաստան Մաքսային միութեան պիտի միանա՞յ, թէ՞ ոչ:

Ըստ Սերժ Սարգսեանի, որոշակի ապրանքներու գինը կրնայ նուազիլ, ուրիշներունը` սղիլ, բայց կտրուկ գնաճը կը բացառուի: Հանրապետութեան նախագահը անգամ մը եւս ընդգծեց, որ Մաքսային միութեան անդամակցութիւնը կը բխի հայ ժողովուրդի շահերէն եւ խօսքը չի վերաբերիր միայն տնտեսութեան:

«Միայն լաւ գործ ընելը, լաւ համաձայնագիր կնքելը, լաւ որոշում տալը բաւարար չէ, որպէսզի հանրութիւնը համապատասխան պատկերացում ունենայ այդ որոշումին, օրէնքի նախագիծին կամ հոլովոյթին մասին», յայտնեց նախագահ Սերժ Սարգսեան: «Նայեցէք, թէ ի՛նչ կը կատարուի մեր երկրին մէջ. որոշ պատկերասփիւռի կայաններ, տպագիր օրաթերթեր, տասնեակ կայքեր, չորս խորհրդարանական խմբակցութիւններ, բազմաթիւ արտախորհրդարանական կուսակցութիւններ, տասնեակ քաղաքական գործիչներ, որոնք նաեւ մասամբ նեղացածներ են իշխանութիւններէն, առաւօտէն մինչեւ կէս գիշեր ցեխ կը շպրտեն, կը սեւցնեն թէ՛ երկրին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները, թէ՛ մեր աշխատանքը: Այս պարագային, մենք անշուշտ շատ աշխուժ պէտք է ըլլանք, որպէսզի կարենանք մեր ընդունած որոշումները մեր հանրութեան հասցնել, որպէսզի ունենանք նաեւ հասարակական աջակցութիւն, որպէսզի ունենանք յետադարձ կապ»:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES