Կառավարութեան Անվստահութիւն Յայտնելու Հարցով Ազգային Ժողովի Ոչ Իշխանական Ուժերը Քննարկումները Պիտի Շարունակեն

ARF-PartyԱզգային ժողովին մէջ երէկ գումարուեցաւ չորս ոչ իշխանական խմբակցութիւններու` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան, Հայ ազգային քոնկրեսի, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան եւ Ժառանգութեան հերթական փակ նիստը: Դարձեալ քննարկուեցաւ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը, սակայն նախագիծին շուրջ վերջնական եզրակացութիւն տակաւին չկայացաւ:

Իսկ կուտակային կենսաթոշակային օրէնքի պարտադիր բաղադրիչին դէմ յառաջիկայ պայքարին շուրջ ուժերը յայտարարութիւն հրապարակեցին, քանի որ այս առումով քննարկումը շատ ընդհանուր եզրեր դուրս բերած էր:

Հայ ազգային քոնկրեսի անդամ Լեւոն Զուրաբեան յայտնեց, որ չորս ուժերուն մասնակցութեամբ նիստերը արդէն կայուն ձեւաչափ են, օրակարգը հարուստ է: Ան չխօսեցաւ բոլոր այն հարցերուն մասին, որոնք կը քննարկուին:

Զուրաբեան անդրադարձաւ երէկուան նիստին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն մասին եւ նշեց, որ կուտակային բաղադրիչին վերաբերեալ պիտի ուղղեն կոչ մը` ուղղուած քաղաքացիական գործիչներուն, որպէսզի աւելի աշխուժ պայքարին, իրենք ալ կը միանան անոնց, քանի որ քաղաքական նոր իրավիճակ ստեղծուած է:

Յառաջիկային կրկին նիստ պիտի գումարուի` նորէն քննարկելու կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարցը:

Share this Article
CATEGORIES