Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մեծ յաջողութիւն պիտի ունենաք շնորհիւ ձեր բնական հմայքին: Օրը ունի նոր հանդիպումներ եւ հաճելի ծանօթութիւններ: Պիտի օգտուիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր գործունէութիւնը պիտի ընթանայ գովելի ջանասիրութեամբ: Ուրիշներ օրինակ պիտի առնեն ձեր աշխատանքային ընթացքէն: Օրը շահաւէտ է:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր բարեկամները հաճելի պահեր պիտի ստեղծեն ձեզի համար: Պիտի ունենաք երախտագիտական զգացումներ՝ ձեր շրջանակին վերաբերումին համար։
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աճապարող մի՛ ըլլաք, համբերեցէք, որովհետեւ մեծ իրադարձութիւնները ժամանակի կը կարօտին իրագործուելու համար: Պիտի ունենաք երախտագիտական զգացումներ` ձեր շրջանակին վերաբերումին համար:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ընթերցանութեան հանդէպ ձեր սէրը պիտի վարակէ ձեր շուրջը եղող պատանիները: Զանոնք մղեցէք դաստիարակուելու` հեռու մնալու համար վատ շրջանակներէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Եթէ ձեր կեանքին մէկ նոր էջը սկսած էք եւ այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատիք, ապաւինեցէք ձեր ապագային, որ լաւ պիտի ըլլայ անպայման:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Շատ լաւ աշխատանք պիտի տանիք խմբական գործունէութեամբ: Պիտի բազմապատկուի ձեր եռանդը: Արդիւնաւէտ եւ շահեկան է օրը:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ասպարէզին եւ ձեր գործունէութեան մէջ մեծ քայլ մը պիտի առնէք դէպի յաջողութիւն: Շարունակեցէք նոյն թափով:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Սիրոյ մէջ մանրամասնութիւնները կամ փոքր նկատուած հարցերը կարեւոր են: Ուշադիր եղէք ձեր սրտին սիրածին հետ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ընտանեկան ձեր կեանքը պիտի ընթանայ միասնական սիրով: Իւրաքանչիւրը պիտի ստանձնէ իր դերը` մէկը միւսին օգնելով:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Կարեւոր պահերու պիտի գիտնաք ըլլալ դիւանագէտ: Արագ պատասխան մի՛ տաք ձեր խօսակիցին, երբ ան բան մը կը պահանջէ ձեզմէ: Զգո՛ւշ եղէք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեր աշխատանքին մէջ մեծ գոհունակութիւն պիտի ունենաք: Մնացէք պատրաստ, երբ ձեզմէ կը պահանջուի մասնակցիլ ընկերային գործի մը:

