50 Տարի Առաջ (17 Փետրուար 1964)

Հոգելոյս Զարեհ Ա.-ի Տարելիցը

Վեհափառը, Առաջնորդ Սրբազանը
Եւ Գարեգին Եպս.
Ոգեկոչեցին Մեծ Հովուապետին Յիշատակը

Երէկ` կիրակի, 16 փետրուար 1964, վեհափառ հայրապետներու յատուկ հրահանգով, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ նուիրապետական չորս Աթոռներու մայր տաճարներուն եւ թեմական բոլոր եկեղեցիներուն մէջ անխտիր, տեղի ունեցան հանդիսաւոր Ս. պատարագ եւ պաշտօնական հոգեհանգիստ` երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի մահուան առաջին տարելիցին առթիւ:

Ամէնուրեք հոգեշունչ քարոզներով ոգեկոչուեցաւ երանաշնորհ հայրապետին սրբակենցաղ կեանքն ու գործունէութիւնը:

Պէյրութի բոլոր եկեղեցիները լեցուն էին հաւատացեալներով:

Ս. Նշան մայր եկեղեցիին մէջ արարողութեանց նախագահեց եւ քարոզեց լիբանանահայոց բարեջան առաջնորդ Տաճատ արքեպիսկոպոս` ընդգծելով լուսահոգի հայրապետին արժանիքները:

Բազմահազար հաւատացեալներ դարձեալ լեցուցած էին Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարն ու ընդարձակ բակը: Եկած էին սրտի անխառն յուզումով, անգամ մը եւս յարգելու յիշատակը Զարեհ Ա. անմահանուն կաթողիկոսին:

Ներկայ էին նոյնպէս պետական հայ երեսփոխաններ` Մովսէս Տէր Գալուստեան, մեթր Խաչիկ Պապիկեան, Սուրէն Խանամիրեան եւ մեթր Վարդգէս Շամլեան,Ազգային իշխանութեանց եւ մարմիններու անդամներ եւ երեւելի ազգայիններ:

Արարողութեանց նախագահեց Խորէն Ա. կաթողիկոս: Պատարագեց դպրեվանքի տեսուչ Գարեգին եպիսկոպոս:

«Հայր մեր»-էն առաջ, ընդհանուր յուզումի մէջ, ներկաները հիացումով ունկնդրեցին պատարագիչ սրբազան հօր հոյակապ քարոզը, որ բարձրախօսներով լսելի էր ամէն կողմէ:

«Եւ ի՞նչ կը ճաշակէ աշխարհը Անկէ: Անոր կամքին քարցրութիւնը եւ սիրոյն առատութիւնը, որովհետեւ ինչպէս զգալի հացը կը զօրացնէ մարմինը, այնպէս եւ անոր երախտիքի յիշատակը հոգիները», բնաբանով սկսաւ իր քարոզը Գարեգին սրբազան եւ ըսաւ ընդհանուր գիծերու մէջ:

«Հայ եկեղեցւոյ ամէնէն տեսլապաշտ վարդապետներէն Ներսէս Լամբրոնացիի այս բառերը ի՜նչ գեղեցիկ պատշաճութեամբ կը ներդաշնակուին այսօրուան խորհուրդին:

«Հայ մարդը այսօր, եթէ քաղցր յուզականութեամբ մը կ՛այցելուի Զարեհ անմահանուն կաթողիկոսի յիշատակէն, հարց կու տայ ինքն իրեն. «Ի՞նչ կը ճաշակէ հայ մարդը այսօր Անկէ»: Եւ եկեղեցին Ս. բեմէն կը պատասխանէ. «Անոր քաղցր կամքը եւ առատ սէրը»:

«Ո՞վ մեզմէ իր հոգիի խոր անկեղծութեան մէջ կը հաւատայ, որ ահա տարի մը ամբողջ սահեցաւ այն սեւ օրուան վրայէն, երբ երկինք միացեր էր երկրին յորդահոս արցունքով` ողբալու համար մահը Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդին սիրելագոյն մէկ զաւկին` երանաշնորհ Զարեհ Ա. կաթողիկոսին:

«Հրեշտակներ երկինքէն եղբայրացեր էին հայ մարդերուն հետ երկրի վրայ` ըմբոստանալու համար յաւէտ ննջումին դէմ այն վեհապանծ վեհափառին, որուն երիտասարդութիւնն ու իմաստութիւնը, մտքի պայծառութիւնն ու հոգիի ազնուութիւնը, անհաւատալիին հասնող բարութիւնն ու բացառիկ հոգեկան քաջութիւնը գեղեցիկ ներդաշնակութիւնն մըն էին ստեղծած, որուն անունն էր ոսկեգիր «Զարեհ Սքանչելին»:

«Այդ թուականէն մինչեւ այսօր, եթէ գտնուեցաւ գերեզման մը, որ ըմբոստացաւ գերեզման գաղափարին դէմ, այդ եղաւ Զարեհ Ա. կաթողիկոսի գերեզմանը:

«Մենք ամէն օր տեսանք, թէ խունկն ու մոմը անպակաս եղան իր գերեզմանին վրայէն: Կաթողիկոսարան այցելողներ, մինչեւ հեռաւոր Ամերիկայէն եւ այլեւայլ վայրերէ եկողներ, տաճար մտնելէ առաջ, վեհարան մտնելէ առաջ, դպրեվանք մտնելէ առաջ խոնարհեցան Զարեհ Ա.ի հողակոյտին առջեւ եւ ի սրտէ աղօթեցին:

«Համազգային խոր սիրոյն եւ այս պաշտումին աղբիւրը ուր է, կը հարցնէ այսօր գիտակից հայ մարդը: Գաղտնիքը այն է, որ ան չապրեցաւ իր անձին համար, այլ ապրեցաւ Աստուծոյ եւ հայ ժողովուրդին համար:

«Եօթը տարիները իր կաթողիկոսութեան, եղան այնքան ժլատ տարիներ: Դուք բոլորդ գիտէք պայմանները: Բայց իր եօթը տարիներուն մէջ Զարեհ կաթողիկոս իրագործեց մեծագոյնը բոլոր իրագործութիւններուն:

«Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան տուաւ այնպիսի բարոյական վեհութիւն մը, ստեղծեց այնպիսի դիմագիծ, որուն այսօր աշխարհի չորս ծագերէն մարդիկ կը նային յոյսով լեցուն, վստահութեամբ լեցուն:

«Պահ մը մոռնանք այն, ինչ որ ենք: Պահ մը մոռցէք այն, ինչ որ ձեր առօրեայ կեանքն է, ու դառնանք միութեան մը մէջ: Խոր լռութեան մէջ պիտի լսէք իր պատգամ դարձած խօսքը, հաւատքի ձայնը, որ եղաւ իր խօսքը, թէ «տառապանքի ամէնէն ծանր պայմանին Աստուածաշունչի ձայնն է, որ հաւատք կու տայ»: Կը հաւատար, որովհետեւ Աստուծոյ համար կը գործէր:

«Ինք այլեւս պատգամ է, կեանքի խօսք է մեզի համար, եթէ կարենանք զինք լսել իր ոճով:

«Երբ դարձեալ արցունքի ալիքը կու գայ մեր աչքերուն, սրտի գոհունակութեամբ կ՛անդրադառնամ, թէ ինչ որ չկրցաւ տեսնել իր կենդանութեան, զայն կը տեսնէ երկինքէն: Իր ժողովուրդը սիրոյ եւ խաղաղութեան մէջ: Իր հոգին իբրեւ լո՛յս կը բաշխուի մեր ժողովուրդին:

«Դարձեալ, մխիթարութեան եւ քաջութեան ուրիշ առիթ մը եւս ունինք` տեսնելով Իր գահուն վրայ բազմած իր վեհափառ եղբայրը: Իր գաւազանը չկոտրած, Իր սկսած գործը կը շարունակուի: Իր սերմանած հունտերը լայն ու խոր կը բացուին, եւ ուրկէ հասկեր կը բացուին:

«Ու երբ կ՛աղօթենք իր հոգին համար, հոգիի խորերէն պոռթկացող մաղթանք մը ունինք այսօր, ո՜վ Աստուած: Ինչ որ զեղչուեցաւ իր օրերէն, զայն աւելցուր մեր վեհափառի օրերուն, որպէսզի զեղչուած կեանքի մը մնացեալ մասը անոր ուսերուն վրայ բազմի եւ իր եղբօր ձեռքով դառնայ աւելի բարգաւաճ   :

«Խունկ, աղօթք ու լոյս իր հոգիին: Ուժ, իմաստութիւն եւ անսահման կորով մեր վեհափառին` ի պարծանս մեր ազգին եւ ի փառաբանութիւն մեր եկեղեցւոյ: Ամէն»:

Յաւարտ Ս. պատարագի, վեհափառն ու պատարագիչ սրբազանը թափօրով, ՀՄԸՄ-ի սկաուտներու շարքերուն մէջէն անցնելով` առաջնորդուեցան հանգուցեալ հայրապետի հողակոյտին մօտ, որ ամբողջութեամբ ծածկուած էր մոմերու լոյսերուն տակ, եւ ուր սկաուտներ պատուոյ պահակ կը կենային:

Խուռներամ հաւատացեալներ, խոր  երկիւղածութեամբ, արցունքի ալիքներ իրենց հոգիին ու աչքերուն մէջ, լուռ հետեւեցան հոգեհանգստեան արարողութեան:

«Ահեղ խորհուրդ»-ի այնքան տպաւորիչ եւ տխրութիւնը ալ աւելի ճնշող երգեցողութենէն ետք, վեհափառ հայրապետը անգամ մը եւս խոր յուզումով ոգեկոչեց յիշատակը երանաշնորհ հայրապետին»:

Վեհափառ հօր իմաստալից ու սրտայոյզ խօսքերէն ետք, տխուր պոռթկումով խմբերգուեցաւ հանգուցեալ հայրապետին այնքան սիրած «Կիլիկիա» երգը:

Վեհափառի օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ ցաւակցական աջահամբոյր:

Share this Article
CATEGORIES