Ի՞նչ Կը Մտածէ Ուղեղը. Արուեստագէտ Մը Կը Վերստեղծէ Դուռը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
«ԵՂԱՓՈԽՈՒԱԾ ԴՈՒՌԸ», ԻՆՉՊԷՍ ԾԱՆՕԹ Է ԱՆԻԿԱ ՀԱՄԱՑԱՆՑԻ ՎՐԱՅ, ԵՐԿՐԱՉԱՓԱԿԱՆ ՀՆԱՐԱՄԻՏ ՅՂԱՑՔ ՄԸՆ Է, ՈՐ ԱՅՍ ՕՐԵՐՈՒՆ ԿԸ ԲԱՑՈՒԻ ԵՒ ԿԸ ՓԱԿՈՒԻ ԵՈՒԹԻՈՒՊԻ ՎՐԱՅ: «ՏԸ ՀԱՖԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԵՒ «ՏԸ ՔՈԼՈՍԸԼ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԵՆ ԲՈԼՈՐ ՏԵՍԱԿԻ ԴՌՆԵՐԷՆ ԲՈԼՈՐՈՎԻՆ ՏԱՐԲԵՐ ԱՅՍ ԴՈՒՌԸ, ՈՐՄԷ ԿՐՆԱՆ ՕԳՏՈՒԻԼ ՄԱՆԱՒԱՆԴ` ԴՌՆԵՐՈՒՆ ԶԱՐՆՈՒԵԼՈՒ ԿԱՄ ԻՐԵՆՑ ՄԱՏՆԵՐԸ ԴՐԱՆ ՄԷՋ «ՄՈՌՆԱԼՈՒ» ՀԱԿԱՄԷՏ ԱՆՁԵՐԸ:
Մէկ կողմէն միւսը հրուող, կլոր դարձող, ինքնաբերաբար բացուող-փակուող, ծխնիի վրայ անցած դռներու տեսակները ծանօթ են բոլորիս եւ կը կարծենք, թէ այլ ձեւի դռներ գոյութիւն չունին աշխարհի վրայ: Սակայն կը սխալինք:
Անցեալ շաբաթ համացանցի վրայ յայտնուեցաւ նոր տեսակի դուռ մը, որ ոչ միայն կախարդած է զայն տեսնողները, այլ նաեւ առիթ տուած է, որ տարբեր աչքով դիտենք ամէն օր մեր դիմաց յայտնուող այս սովորական կառոյցը:
Աւստրիացի արուեստագէտ Քլեմընս Թորկլըր իր յայտնագործութիւնը կը նկարագրէ իբրեւ «մէկ հպումով բացուող դուռ» մը, որ ունի նուրբ անկիւններ (անզուսպ ձեռքերու համար) եւ «կատարելապէս ապահով է»:
«Եղափոխուած դուռը» պարզապէս մէկն է զարտուղի այն դռներէն, զորս ձեւագծած է Թորկլըր: Անոր բոլոր դռները «հիմնուած են իրենք իրենց վրայ թաւալող քառակուսիներու վրայ», ինչպէս կը նկարագրէ Թորկլըրի կայքը: «Անոնց յատուկ կառուցուածքը կարելի կը դարձնէ աջ կամ ձախ կողմի վրայ բանալը` առանց ծխնիներու գործածութեան: Թեքնիք այս հնարքը նոր նպատակներ կը բանայ դրան դիմաց», կ՛աւելցնէ կայքը:
«Կ՛ուզեմ տեւաբար տեսնել, թէ ինչպէ՛ս կը բացուի եւ կը փակուի այս դուռը», կը գրէ համացանցի վրայ զայն տեսած անձ մը:
Գործածական այլ իրերու պէս, ինչպէս` աթոռ եւ սեղան, կը թուէր, թէ համեստ դուռը նոր ձեւով վերստեղծելու գաղափարները սպառած էին: Սակայն փայտի չորս շերտերէ բաղկացած այս դուռը ամենադոյզն հպումով կը բացուի եւ կը փակուի շնորհալի շարժումներով: Անիկա ինքն իր վրայ կը ծալուի թուղթի պէս եւ աւելի կը յիշեցնէ շարժական հզօր քանդակ մը, քան թէ` սովորական դուռ մը: Կը թուի, թէ Թորկլըր լուծած է հարցը անոնց, որոնց մատները յաճախ կը ճզմուին դրան մէջ:
Ցարդ նախատիպ մըն է այս դուռը, գեղարուեստական մէկ յղացքը Թորկլըրի, որ տարիներէ ի վեր շարժական նմանօրինակ դռներ կը կառուցէ եւ կը վաճառէ:

