Ի՞նչ Կը Մտածէ Ուղեղը. Կարելի՞ Է Չափէն Աւելի Խելացի Ըլլալ

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՄԵՐ ՈՒՂԵՂԸ ԱՆՀԱՒԱՏԱԼԻ ՁԵՒՈՎ Կ՛ԱՇԽԱՏԻ: ՍԱԿԱՅՆ ԵՐԲԵՄՆ ՇԱՏ ԽԵԼԱՑԻ ԸԼԼԱԼԸ ՎՆԱՍ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ: ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՅԱՃԱԽ ՄԵԶ ԶԳՈՒՇԱՑՈՒՑԱԾ Է ՄԻԱՅՆ ԲԱՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱՀԱՆԳԻՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵԼԷ: «ՏԸ ԿԱՐՏԻԸՆ» ԹԵՐԹԻՆ «ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ԱՒԵԼԻ…» ՎԵՐՆԱԳԻՐՈՎ ՅՕԴՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ ՄԷՋ ՃՈՒԼԻԱՆ ՊԱՃՃԻՆԻ ԿԸ ՆՇԷ ՉԱՓԱԶԱՆՑ ԽԵԼԱՑՈՒԹԵԱՆ ԱՆՊԱՏԵՀՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ:

Human brain

Պատրանք է մտածել, թէ մարդկային կեանքի բարձրագոյն մակարդակը նուաճել` կը նշանակէ յաղթահարել մեր բիրտ էութիւնը:

Ունէի բարեկամ մը, որուն կեանքը խորտակուած էր ահաւոր եւ անտրամաբանական վախով մը: Ան բժիշկին այցելած էր իր զգացած ֆիզիքական ցնցումներուն պատճառով եւ համոզուած էր, թէ անոնք առաջին հանգրուանն էին մահացու հիւանդութեան մը: Բժիշկը հիւանդութիւնը ախտաճանաչած էր իբրեւ մելամաղձոտութիւն, սակայն բարեկամս վճռած էր, թէ դարմանումի սովորական միջոցները ապարդիւն պիտի մնային իր պարագային: Գիտէ՛ք, բարեկամս այնքան խելացի էր, որ զգացական-իմացական վարուելակերպի դարմանումը անիմաստ էր իրեն համար:

Թերեւս ոմանք փորձած են զգացական-իմացական վարուելակերպի դարմանումի միջոցներ եւ օգտուած են: Նախքան անոնց բողոքը լսելս` կ՛ուզեմ բացատրել, թէ այս պատմութիւնը կը պատմեմ, որովհետեւ ցոյց կու տայ, թէ խելացութեան մասին մեր կազմած գաղափարը որքա՛ն վտանգաւոր է: Բարեկամս այնքան ալ խելացի չէր բազմաթիւ չափանիշներով: Փաստօրէն ան նկատի չէր առած այն հաւանականութիւնը, թէ քաֆէինի չափազանցուած սպառումը պատճառ կը դառնար իր ապրած ցնցումներուն, եւ իրօք, այդպէս էր: Իսկ եթէ խելացի էր, ապա ինչո՞ւ կ՛ապրէր յայտնապէս անտրամաբանական վախ մը:

Երբ բժիշկը ախտաճանաչած էր չափէն աւելի խելացութեան գոյութիւնը, ան յստակօրէն ի մտի ունէր չափէն աւելի խելացութեան որոշ տեսակ մը. կարողութիւնը` հիւսելու բարդ եւ մանուածապատ մտածողութեան շղթաներ, անկախ, թէ անոնք կ՛առաջնորդեն ճշմարտութեան կամ ոչ: Զգացական-իմացական դարմանումը արդիւնք կու տայ` մարտահրաւէր ուղղելով մեր անտրամաբանական ժխտական ինքնեկ մտածումներուն: Սակայն, եթէ խելացի ենք, դարմանումի այս միջոցը արդիւնք չի տար, որովհետեւ կը սկսինք բանականութեան վրայ հիմնուած հետզհետէ աւելի բարդ եւ մանուածապատ պատճառաբանուած հիմնաւորումներ կատարել` ապացուցելու համար, թէ որքա՛ն տրամաբանական են մեր մտածումները:

Չափէն աւելի խելացի ըլլալու վիճակ մըն է այս: Այլ վիճակ մըն է պարզ լուծումներու փոխարէն` բարդ լուծումի մը յանգիլը: Բարդ լուծումը ամբողջութիւն մը կը կազմէ մեր ուղեղին մէջ, հետեւաբար կը կարծենք, թէ անիկա աւելի լաւ արդիւնքի կ՛առաջնորդէ մեզ: Պատմութիւնը ցոյց տուած է, թէ որքա՛ն աղէտալի է կեդրոնաձիգ ծրագրումը: Այսուհանդերձ, իրապէ՛ս խելացի անձեր դառն փորձառութեամբ մը կը սորվին, թէ ինչ որ տրամաբանօրէն կայուն եւ կուռ ամբողջութիւն մը կը թուի ըլլալ, յաճախ գործնական գետնի վրայ արդիւնք չի տար: Պատմութիւնը յաճախ մեզ զգուշացուցած է միայն բանականութեան հրահանգին ենթարկուելէ:

Անշուշտ կրնանք ըսել, թէ խելացութիւնը իր ճիշդ բնորոշումով` մէկտեղումն է իմաստութեան, լաւ դատողութեան, տրամաբանութեան հնարամիտ գործածութեան եւ փաստերու վրայ հիմնուած գիտելիքի: Այս սահմանումը արդէն մտածել կու տայ, թէ կարելի չէ չափէն աւելի խելացի ըլլալ: Պիտի չուզէի վիճիլ, սակայն արդէն շատ ուշ է վերատիրանալու «խելացութիւն» բառին եւ զայն գործածելու իբրեւ ամբողջութիւնը իրարմէ տարբեր իմացական կարողութիւններու: Այժմ խելացութիւնը բաժնուած է տարբեր մասերու, եւ կրնայ պատահիլ, որ չափազանցուած ձեւով ապաւինինք իւրաքանչիւր մասի:

Ամբողջ հարցը սկսաւ խելացութիւնը չափող քննութիւններով (ուշիմութեան քանորդ, Այ. Քիու.), որ կը չափէ ուղեղին գործընթացներ ղեկավարելու ուժը: Ի հակազդեցութիւն` մարդիկ սկսան խօսիլ տարբեր կարողութիւններու մասին` իբրեւ խելացութեան ձեւեր, որոնք անտեսուած են Այ. Քիու.-ի քննութեան մէջ: Հաուըրտ Կարտնըրի գլխաւորած բազմակողմանի խելացութիւններու շարժումէն ծնունդ առին զգացական խելացութեան բաւական պիտանի գաղափարը, ինչպէս նաեւ` բաւական թէական «ոգեղէն խելացութեան» եւ «կենսոլորտային խելացութեան» տարբերակները:

Թերեւս տարօրինակ կրնայ թուիլ այս մէկը, սակայն կրնայ պատահիլ, որ անձ մը ունենայ չափէն աւելի զգացական խելացութիւն: Պահ մը երեւակայենք անձ մը, որ հզօր կարողութիւնը ունի հասկնալու այլոց մտային վիճակները, սակայն կը շահագործէ իր այս կարողութիւնը` խաբելու համար զանոնք: Կամ` ճարտարագէտ մը, որ չափէն աւելի կ՛ապաւինի այլոց նկարագիրը դատելու իր կարողութեան եւ նուազ կարեւորութիւն կու տայ անոնց արհեստագէտի կարողութեան:

Կայ նաեւ չափէն աւելի խելացութեան այլ ձեւ մը: Պատրանք է մտածել, թէ մարդկային կեանքի բարձրագոյն մակարդակը նուաճել` կը նշանակէ յաղթահարել մեր բիրտ էութիւնը եւ ամբողջութեամբ նուիրուիլ մտաւորական կեանքի: Կասկած չկայ, թէ մեր ուղեղը անհաւատալի բան մըն է: Սակայն առանց մղումներու, ցանկութիւններու եւ նախասիրութիւններու, որոնք կը բխին մեր անասնական բնութենէն, ուղեղը դատապարտուած է անգործութեան: Օրինակ, տօնական օրերուն մարդիկ կը սիրեն վայելել լաւ ուտելիքներ, լաւ խմիչքներ, լաւ բարեկամներ եւ ընտանիքի լաւ անդամներ: Զուտ բանական դիտանկիւնէն` այս բոլորը ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն, որովհետեւ բանականութիւնը իրարմէ կը տարբերէ միայն ճիշդն ու սխալը, սակայն ոչ` լաւն ու վատը, աւելի լաւը կամ աւելի վատը:

Արդեօք կարելի՞ է չափէն աւելի խելացի ըլլալ որեւէ ձեւով: Կը կարծեմ, թէ ամբողջութեամբ վարկածային է այս հարցումը: Իրականութեան մէջ շատ աւելի լուրջ եւ սովորական հարց մըն է խելացութեան պակասը, քան` չափազանցութիւնը: Այսուհանդերձ, կ՛արժէ յիշել, թէ նոյնիսկ խելացութիւնը կրնայ չափէն աւելի ըլլալ: Եթէ բան մը լաւ է, չի նշանակեր, թէ անոր չափազանցութիւնը միշտ ալ օգտակար է: Մտածեցէք այս մասին, երբ ձեր ախորժակը սրէք կուլ տալու համար յաւելեալ քաղցրաւենիք մը:

Share this Article
CATEGORIES