Ի՞նչ Կը Մտածէ Ուղեղը. Ինչո՞ւ Ուղեղը Գեղեցիկ Կը Տեսնէ Ուսողութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՈՒՍՈՂՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՅՆԻՍԿ ՎԱԽ ԿԸ ՊԱՏՃԱՌԷ ՈՄԱՆՑ: ՍԱԿԱՅՆ ՈՒՂԵՂԻ ՆԿԱՐՆԵՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ, ԹԷ ՈՒՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՁԵՒԱՆԻՇՆԵՐՈՒ (ՖՈՐՄԻՒԼԱ) ՄԷՋ ԹԻՒԵՐՈՒ ԵՒ ՏԱՌԵՐՈՒ ԲԱՐԴ ՇԱՐՔ ՄԸ ԿՐՆԱՅ ՍՏԵՂԾԵԼ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԵԱՆ ԱՅՆ ՆՈՅՆ ԶԳԱՑՈՂՈՒԹԻՒՆԸ, ԶՈՐ ԿԸ ՍՏԵՂԾԵՆ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ ԿԱՄ ԵՐԱԺՇՏԱԿԱՆ ԳԼՈՒԽ ԳՈՐԾՈՑՆԵՐ: ԱՐԴԵՕՔ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ՞ ԱՅՍ ՅԱՏԿԱՆԻՇԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՄԷՋ, ՈՒՍՈՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՀՈՒՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՆՈՐ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ, ՈՐ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՏԵՍՆԵԼՈՒ ՋՂԱԿԵՆՍԱԲԱՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՕՆԸ:
Ուսումնասիրողներ Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտընի մէջ նկարած են ուսողագէտներու ուղեղը, մինչ անոնց ցոյց տուած են «գեղեցիկ» եւ «տգեղ» ձեւանիշներ:
Անոնք նկատած են, թէ ուղեղին զգացական այն կեդրոնները, որոնց մէջ տեղի կ՛ունենայ արուեստ գնահատելու գործընթացը, սկսած են աշխուժօրէն գործել` ի տես ուսողութեան «գեղեցիկ» ձեւանիշներու:
Ուսումնասիրողներուն համաձայն, գեղեցկութիւնը հաւանաբար ունի ջղակենսաբանական հիմք մը:
Զուիցերիացի ուսողագէտ Օյլըրի կամ Պիւթակորասի ձեւանիշները հազուադէպօրէն կը նշուին նոյն խանդավառութեամբ, որքան` Մոցարթի, Շէյքսփիրի եւ Վան Կոկի նման տաղանդներու լաւագոյն արտայայտութիւնները:
Ուսումնասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է «Ֆրոնթիրզ ին Հիւմըն Նիւրոսայընս» թերթին մէջ, կատարուած է 15 ուսողագէտներու վրայ:
Ուսումնասիրողները ուսողագէտներուն ցոյց տուած են 60 ձեւանիշներ եւ պահանջած են արժեւորել զանոնք:
Ուսումնասիրողներէն մէկը` Սամիր Զաքի կ՛ըսէ. «Ուղեղին մէջ բազմաթիւ կեդրոններ գործի կը լծուին, երբ ուշադիր կը դիտենք ուսողական հաւասարութիւն (իքուէյժըն) մը: Սակայն, երբ կը տեսնենք ուսողագէտներու կողմէ «գեղեցիկ» որակուած ձեւանիշ մը, անիկա շարժման մէջ կը դնէ մեր ուղեղին զգացական կեդրոնը (ուղեղին յառաջամասը), այնպէս` ինչպէս հոյակապ գեղանկար մը կամ երաժշտական կտոր մը»:
Ուսողագէտներ որքան «գեղեցիկ» որակած են ձեւանիշ մը, այնքան աւելի աշխուժ գործունէութիւն արձանագրուած է անոնց ուղեղին մէջ, ինչպէս ցոյց տուած են Էֆ. Էմ. Առ. Այ.-ով (ֆանքշընըլ մակնեթիք ռեզընընս իմէյճինկ) առնուած ուղեղի նկարները:
«Ջղակենսագիտութիւնը չի կրնար բացատրել, թէ ի՛նչ է գեղեցկութիւնը: Սակայն, երբ բան մը գեղեցիկ կը նկատենք, ապա հաւանական է, որ ուղեղին յառաջամասը դեր մը ունի այս կարծիքը ձեւաւորելու մէջ: Հետեւաբար գեղեցիկ կրնանք նկատել որեւէ բան», կ՛ըսէ Զաքի:
Ուսողական ձեւանիշներ արժեւորելու անվարժ մեր աչքերուն համար գեղեցիկ որեւէ բան չկայ Օյլըրի մէկ ձեւանիշին մէջ (տեսնել` նկարը): Սակայն ուսումնասիրութեան մասնակցած ուսողագէտներուն նախասիրած ձեւանիշն է անիկա:
Բրիտանիոյ Իսնթիթութ աֆ մաթըմաթիքս էնտ իթց ափլիքէյշընզ հիմնարկի դասախօս Տէյվիտ Փըրսի անձնապէս շատ կը սիրէ զայն:
«Իրապէս դասական գործ մըն է, կարելի չէ գերազանցել զայն», կ՛ըսէ ան:
«Անիկա պարզ է առաջին ակնարկով, սակայն նաեւ` անհաւատալիօրէն խորախորհուրդ: Անոր մէջ կը խտանան ուսողութեան ամէնէն յատկանշական 5 տարրերը. զերոն (յաւելումի տարրը), մէկը (բազմապատկումի տարրը), e-ն եւ pi -ը (ամէնէն սովորական մականցական թիւերը) եւ i -ը (երեւակայական հիմնական թիւը)»:
«Անիկա նաեւ կը պարունակէ թուաբանութեան ամէնէն հիմնական գործողութիւնները. յաւելում, բազմապատկում եւ ցուցչական հաւասարութիւն (էքսփոնընշիէյշըն)»:
«Նկատի ունենալով, որ e-ն, pi -ը եւ i -ը չափազանց բարդ եւ երեւութապէս անկապ թիւեր են, հիանալի է զանոնք տեսնել նման կուռ ձեւանիշի մը մէջ»:
«Սկիզբը չենք անդրադառնար անոր խորքին: Տպաւորութիւնը կը ստեղծուի աստիճանաբար, երաժշտական կտոր մը ունկնդրելու պէս, երբ անիկա յանկարծ զարմանահրաշ կը թուի, եւ կ՛անդրադառնանք անոր ամբողջ կարողականութեան»:
«Գեղեցկութիւնը ներշնչումի աղբիւր մըն է, կը խանդավառէ մեզ եւ կը մղէ, որ բաներ յայտնաբերենք», կ՛եզրափակէ Փըրսի:

Բնագիտութեան ազդեցիկ տեսաբաններէն Փոլ Տիրաք ըսած է. «Թէեւ յարաբերականութեան տեսութիւնը կը հակասէ պարզութեան սկզբունքին, սակայն բնագիտութեան մէջ դիւրութեամբ ընդունուած է` ուսողական իր հրաշալի գեղեցկութեան պատճառով: Ասիկա յատկանիշ մըն է, զոր կարելի չէ սահմանել, այնպէս` ինչպէս կարելի չէ գեղեցկութիւնը սահմանել արուեստի մէջ: Սակայն անոնք, որոնք ուսողութիւն կ՛ուսանին, սովորաբար դժուարութիւն չունին գնահատելու նման գեղեցկութիւն մը»:
Ուսողագէտ եւ հանրութեան մէջ գիտութեան նկատմամբ հասկացողութիւն զարգացնելու մասնագէտ Մարքոս տիւ Սոթոյ կ՛ըսէ, թէ ինք «բացարձակ» գեղեցկութիւն գտած է ուսողութեան մէջ, եւ թէ` այս գեղեցկութիւնը «կը խթանէ իւրաքանչիւր ուսողագէտի աշխատանքը»:
«Անսպասելի է, երբ ինքնիրմով բազմապատկուող թիւ մը եւ անբաժան թիւ մը, որոնք ոչ մէկ կապ ունին իրարու հետ, յանկարծ կ՛առնչուին իրարու: Երբ անոնց միչեւ կապը հաստատող փաստերը կը բազմանան, կը սկսինք տեսնել, թէ ինչպէ՛ս իրարմէ տարբեր այս գաղափարները կը միահիւսուին, այնպէս` ինչպէս երաժշտական կտորի մը տարբեր տարրերը», կ՛ըսէ ան:
Սոթոյի համաձայն, յայտնաբերումի այս գործընթացը աւելի հետաքրքրական է, քան` վերջնական ապացոյցը, «ինչպէս` երաժշտական կտորի մը մէջ, ուր բաւարար չէ նուագել միայն վերջին լարը»:
Սոթոյ կը նշէ, թէ ուսողութեան յատուկ այս գեղեցկութիւնը բացակայ է դպրոցներուն մէջ, մինչդեռ հրաշալի երեւոյթներ կարելի է ցոյց տալ նոյնիսկ նախակրթարանի մակադակի ուսողութեան կարողութիւններով օժտուած մանուկներուն:
Ուսումնասիրութեան մասնակցած ուսողագէտները ամէնէն տգեղ ձեւանիշները որակած են հնդիկ ուսողագէտ Սիրինվասա Ռամանուիանի անսահման ձեւանիշներու շարքը եւ գերմանացի ուսողագէտ Ռիմանի հաւասարութիւնները:
(Յապաւուած)

