Անգլիոյ Ֆութպոլի Բաժակի Մրցաշարք. Վաղը` Արսենալ – Լիվըրփուլ
Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք Անգլիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքին 5-րդ հանգրուանի մրցումները պիտի ըլլան բաւական հետաքրքրական` նկատի ունենալով, որ զօրաւոր եւ անուանի խումբեր պիտի մրցին իրարու դէմ:
Անոնց կարգին պիտի ըլլան Արսենալ – Լիվըրփուլ եւ Մանչեսթըր Սիթի – Չելսի մրցումները:
Ստորեւ կու տանք 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (փակագիծերուն մէջ նշուած է, թէ անոնք որ դասակարգին կը պատկանին, իսկ ժամերը պէտք է նկատի ունենալ Պէյրութի ժամանակացոյցով).
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ
Սանտըրլենտ – Սաութհեմփթըն 14:45
Քարտիֆ – Ուիկըն (Բ.) 17:00
Շեֆիլտ Ուենզտէյ (Բ.) – Չարլթըն (Բ.) 17:00
Մանչեսթըր Սիթի – Չելսի 19:15
ՎԱՂԸ
Էվըրթըն – Սուանզի 15:30
Շեֆիլտ Եունայթըտ (Գ.) – Նոթինկհամ Ֆորեսթ (Բ.) 17:00
Արսենալ – Լիվըրփուլ 18:00
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ
Պրայթըն (Բ.) – Հալ Սիթի 21:45

