Թենիսի «Տէյվիս-Քափ»-ի Մրցաշարք. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Մեկնեցաւ Մալեզիա
Երէկ` ուրբաթ, 14 փետրուարին, Քոշինկ (Մալեզիա) մեկնեցաւ լիբանանեան թենիսի պատուիրակութիւնը` իր մասնակցութիւնը բերելու համար թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի Ասիոյ կրտսերներու 14 եւ 16 տարեկանէն վար ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին:
Նշենք, որ երէկ Մալեզիա մեկնեցան միայն 14 տարեկանէն վար երկսեռ մարզիկները, մինչ 16 տարեկանէն վար մարզիկները պիտի մեկնին 19 փետրուարին:
Երէկուան մեկնողներն էին ֆետերասիոնի անդամ եւ ազգային խումբերու տնօրէն Ռիշար Հաժ (պատուիրակութեան նախագահը), Ֆատի Եուսեֆ (մարզիչ), Քարիմ Սալիպի, Քարիմ Նաժիա, Քեւին Շահուտ, Եար Ֆայսալ, Սարա Նասիֆ եւ Կայէլ Պու Ապտօ (մարզիկներ):
Իսկ 19 փետրուարին մեկնողները պիտի ըլլան Հիւսէյն Պատրէտտին (մարզիչ), Քարլոս Շամըս, Թամիմ Հալլաք եւ Միշել Սաատէ (մարզիկներ):
Նշենք, որ ախոյեանութեան մասնակցող երկիրներն են Պանկլատեշ, Իրան, Ղազախստան, Խըրխըզիստան, Լիբանան, Փաքիստան, Սէուտական Արաբիա, Սրի Լանքա, Սուրիա, Թուրքմենիստան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, Վիեթնամ եւ Եմէն:

