Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Սաժես

Սաժես – Ռիատի մրցումէն
PROFOTO
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան այսօր եւ վաղը:
ՀՄԸՄ-ի տղոց ներկայացուցչական խումբը վաղը` կիրակի, 16 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին իր երկրորդ մրցումը կը կատարէ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, երբ «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Սաժեսը:
Ինչ կը վերաբերի մնացեալ մրցումներուն, յայտագիրը պիտի ընթանայ հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Հուփս – Շանվիլ 17:00 Միշել Մըր
Պըժժէ – Պիպլոս 17:00 Սանթրալ
ՎԱՂԸ
Մութթահետ – Ամշիթ 17:00 Սաֆատի
Ռիատի – Թատամոն 17:00 Մանարա
ՀՄԸՄ – Սաժես 17:00 Աղբալեան
Նշենք, որ երէկ 4-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ Սաժես – Ռիատի մրցումով: Անիկա վերջ գտաւ հիւր կազմին` Ռիատիի յաղթանակով, որ Ղազիրի մէջ արձանագրեց 77-71 արդիւնքով յաղթանակ մը (17-12, 32-33, 57-55 եւ 71-77):
Մինչ Ռիատի արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, անդին Սաժես կրեց տարեշրջանի իր առաջին պարտութիւնը: