ՀՄԸՄ-ի Ֆութպոլի Միջմասնաճիւղային Մրցաշարք. Նաւասարդեան Տիրացաւ Տիտղոսին
Հանդիսաւոր մթնոլորտի մը մէջ, կիրակի, 9 փետրուար 2014-ին աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի միջմասնաճիւղային երկրորդական խումբերու (97-98-ի ծնունդ) մրցաշարքը, երբ ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` Սարդարապատի եւ Նաւասարդեանի միջեւ:
Շաբաթ, 8 փետրուարին տեղի ունեցան կիսաւարտականի մրցումները, որոնք երկուքն ալ աւարտեցան երկարաձգումէն ետք:
Առաջինին Սարդարապատ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Աղբալեանի` նկատի ունենալով, որ մրցումին երկու կիսախաղերը աւարտեցան 2-2 արդիւնքով:
Սարդարապատի հետ աւարտականի իր տոմսը ապահովեց Նաւասարդեան, որ երկարաձգումէն ետք (0-0) 2-0 արդիւնքով յաղթեց Սերոբ Աղբիւրի:
Իսկ ինչ կը վերաբերի աւարտական մրցումին, անոր արդիւնքը ոչ թէ վճռուեցաւ երկարաձգման ընթացքին, այլ փենալթիներով, երբ Նաւասարդեան փենալթիներով 5-4 արդիւնքով յաղթական դուրս գալով (մրցումը աւարտած էր 4-4 հաւասարութեամբ) տիրացաւ տիտղոսին:
Մրցանակաբաշխութեան ներկայ էին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հրայր Խաչատուրեան, վարչութեան անդամ եւ ֆութպոլի ներկայացուցիչ Նազօ Հապիպեան, վարչութեան անդամ եւ մարզական խորհուրդի ատենապետ Վաչէ Ծատուրեան, այլ պատասխանատուներ, ՀՄԸՄ-ականներ եւ մարզիկներուն ծնողներն ու ընտանեկան պարագաները:
Վաչէ Ծատուրեան ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն ուղղած իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այս մրցաշարքին ամէնէն կարեւոր կէտը եղաւ այն, որ անիկա ընթացաւ շատ հեզասահ կերպով` նկատի ունենալով, որ բոլորին մօտ առկայ էր ՀՄԸՄ-ի ոգին:
Ան քաջալերեց երիտասարդ սերունդը` մաղթելով, որ անոնք միշտ ըլլան տիպար ՀՄԸՄ-ականներ եւ մարզական իրենց կեանքին ընդմէջէն յաջորդ սերունդներուն համար ըլլան օրինակելի մարզիկներ:
Աւարտին Խաչատուրեան, Հապիպեան եւ Ծատուրեան կատարեցին մրցանակաբաշխութիւնը:
Այս մրցաշարքը բաւական կարեւոր եղաւ այն իմաստով, որ անոր աւարտին յստակացան այն մարզիկները, որոնք ՀՄԸՄ-ի խումբին հետ իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Լիբանանի 2013-2014 տարեշրջանի կրտսերներու ախոյեանութեան:
Նշենք, որ այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀՄԸՄ-ի հետեւեալ մասնաճիւղերը` Անթիլիաս (Եղիշէ Չարենց եւ Աղբալեան), Պաուշրիէ (Լէյլաւան), Ռաուտա (Սերոբ Աղբիւր), Պուրճ Համուտ (Սարդարապատ), Ժըտէյտէ (Նաւասարդեան) եւ Պէյրութ (Դանիէլ Վարուժան):

