Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄՄ – ՀՄԸՄ
Լիբանանի ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 15 փետրուարին, Բ. խմբակին մաս կազմող ՀՄՄ եւ ՀՄԸՄ իրարու դէմ յանդիման պիտի գան: Մրցումը պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 14:15-ին:
Ցարդ իրենց կատարած երեք մրցումներուն ընթացքին ալ երկու խումբերը արձանագրած են երեքական յաղթանակ` ապահովելով առաւելագոյն 9 կէտերը:
Նոյն այս խմբակին մաս կազմող Շապապ Արապի նոյն ժամուն Անսարի դաշտին վրայ պիտի մրցի Ամալ Թրիփոլիի դէմ, մինչ երրորդ մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ վաղը` Սալամ Զղարթայի դաշտին վրայ (միեւնոյն ժամուն), իրարու դէմ պիտի հանէ Շեքքան եւ Հարըֆ Ըրտէ Խէյրին:
CATEGORIES Մարզական

