ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻ ԽՐԱԽՃԱՆՔ ԱԶԳԱՅԻՆ ՍՈՒՐԷՆ ԽԱՆԱՄԻՐԵԱՆ ՔՈԼԷՃԻ ՄԷՋ

Չորեքշաբթի, 2 մարտ 2011-ին, կէսօրէ ետք ժամը 5:00ին, Ս. Խանամիրեան Ազգային քոլեճին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած Բարեկենդանի խրախճանքը:

Աշակերտները խանդավառ` ծպտուած էին տարբեր կերպարներով, որոնք արժանացան բոլորին գնահատանքին:

Յայտագիրի սկիզբը խօսք առաւ վարժարանի տնօրէնուհին` Նելլի Վէքիլեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, շեշտեց, թէ Բարեկենդանի այս խրախճանքը առիթ մըն է, որ մեր վարժարանին սիրելի բարեկամներն ու ծնողները ի մի համախմբուին հաճելի ու ջերմիկ մթնոլորտի մէջ:

Բարեկենդանի խրախճանքը սկսաւ «լաւագոյն ծպտում» մրցումով: Աշակերտներ դասարան առ դասարան բեմ բարձրացան: Դատական կազմը, որ կազմուած էր Խանամիրեանի նախկին շրջանաւարտներէն, ընտրեց իւրաքանչիւր դասարանի լաւագոյն ծպտուած աշակերտը, որմէ ետք ընտրուեցաւ լաւագոյններուն լաւագոյնը: Ապա տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւն:

Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած աւանդական կարկանդակով հիւրասիրուեցանւ ներկաները:

Կը տիրէր խանդավառ մթնոլորտ. մանուկներ խաղացին, պարեցին ու զուարճացան:

Հաւաքոյթի աւարտին բոլոր աշակերտներուն բաժնուեցան նուէրներ: Անոնց երջանկութիւնը գծագրուած էր ժպիտով մը:

Տեղին է նշել, որ սոյն խրախճանքը պիտի սփռուի OTV-ի լրատուական կայանէն:

Երեկոյեան, ժամը 7:00-ին միջնակարգի աշակերտները եւս, իրենց կարգին, տօնեցին Բարեկենդանը:

Share this Article
CATEGORIES