ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ
Հայրենասիրութեան ոգիի, քրիստոնէական հաւատքի պահպանումին եւ գոյատեւումին ներշնչման աղբիւր Վարդանանց տօնը հայ վարժարանի եւ աշակերտութեան համար իւրայատուկ իմաստ ու նշանակութիւն ունի:
Արդարեւ, երեքշաբթի, 1 մարտ 2011-ին, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին մէջ արժանահաւատ հանդիսութեամբ մը նշուեցաւ Վարդանանց տօնակատարութիւնը:
Այս առումով, բեմի վրայ զետեղուած Վարդանի պատկերը, մեր քրիստոնէական հաւատքը խորհրդանշող եկեղեցին եւ հայոց պատմութեան մէջ յաղթանակներու խորհրդանիշ Սարդարապատի յուշարձանն ու Արցախի «Մամիկն ու պապիկ»ը, լաւագոյնս կ՛արտայայտէին այս տօնին շաղկապումը մերօրեայ կեանքին: Տեղին է նշել, որ վերոյիշեալ գծագրութիւնները խնամքով պատրաստուած էր 10-րդ դասարանի աշակերտուհի` Մարիա Պագգալեանի կողմէ:
Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Մեղեդի Ֆուտուլեան, որ անդրադարձաւ Վարդանանց պատգամին` նշելով, թէ դարերու վրայ երկարած հայութեան յաղթանակներու ոգին խարսխուած էր Վարդան Մամիկոնեանի ըմբոստութեան եւ «Ո՛չ»ին մէջ:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան` 7-րդ դասարանի աշակերտ Աւօ Տագէսեան, որ ջութակի վրայ նուագեց «Ալ Այլուղս» կտորը, 10-րդ դասարանի աշակերտուհի Լոռի Պիլալեան` սրինգի վրայ նուագեց «Երազ իմ երկիր»ը, որուն դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ 9-րդ դասարանի աշակերտուհի Նազանի Սվաճեան: Ասմունքով հանդէս եկան 8-րդ դասարանի աշակերտ Մինաս Ադամեան եւ 9-րդ դասարանի աշակերտուհի Սարին Էքմէքճեան, որոնք մեկնաբանեցին Վ. ԹԷքէեանի «Խորհուրդ վարդանանց» բանաստեղծութիւնը:
Օրուան բանախօսն էր վարժարանի շրջանաւարտ Եղիկ Թաշճեան, որ ներկայացնելէ ետք Վարդանանց պատմական արժէքը շեշտը դրաւ այս հերոսամարտէն մեզի ժառանգուած յաղթանակներուն: Ան փոխանցեց, թէ Վարդանանց պատերազմի մնայուն պատգամը կը մնայ այն, որ բարոյականի առընթեր, նաեւ` ռազմական եւ հաւատքի պահպանումին յաղթանակը կերտուած էր: Փաստօրէն, հայ ժողովուրդը իր ընդդիմութիւնը յայտնելէ ետք դարեր շարունակ մնաց քրիստոնեայ եւ հայրենապաշտ ժողովուրդ:
Բանախօսը անդրադառնալով յատկապէս ներկայ ժամանակներու մարտահրաւէրներուն, շեշտը դրաւ այն երեւոյթին վրայ, որ տակաւին հայութեան սպառնացող վտանգները կը մնան ի զօրու, եւ հրաւիրեց աշակերտութիւնը թշնամի թուրք-ազերին լաւապէս ճանչնալու, հայ հաւատքին ու մշակոյթին տիրութիւն ընելու, եւ ներկայ սերունդը հրաւիրեց զգաստութեան եւ աչալուրջ կեցուածքներով դէմ կանգնելու քրիստոնէութեան սպառնացող վտանգներէ:
Հարկ է յիշեցնել, թէ վարժարանի մանկապարտէզի դասարաններուն համար պատրաստուած էր յատուկ յայտագիր` այս տօնին հետ առնչուող, ուր, երկու շաբթուան տեւողութեամբ, զանազան ուսուցիչներ պատմութիւններով աշակերտներուն փոխանցեցին Վարդանանց ճակատամարտի արժէքն ու պատգամը:
Անոնք իրենց կարգին, ունեցան ձեռնարկ մը: Մանկապարտէզի փոքրիկ տղաքը ներկայացան Վարդանանց պատերազմը խորհրդանշող յատուկ տարազներով` բծախնդրօրէն պատրաստուած: Անոնք իրենց ուխտը վերանորոգեցին վահանով եւ սուրով, իսկ փոքրիկ աղջիկները մարմնաւորեցին Շուշանիկի կերպարը, իրենց ձեռքերուն մէջ ունենալով մոմեր, քրիստոնէութեան հաւատքը եւ լոյսը փառաբանող:
Յիշատակելի էր մանկապարտէզի աշակերտութեան կողմէ այս տօնին յատուկ երգերու մատուցումը:
ԹՂԹԱԿԻՑ