Պըրրի Պաշտօնական Այցելութեամբ Մը Ուղղուեցաւ Քուէյթ

Պըրրի եւ Սուպահ իշխանը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին պաշտօնական այցելութեամբ մը ուղղուեցաւ Քուէյթ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի Սուպահ Ժապեր Սուպահ իշխանին հետ` ներկայութեամբ գահաժառանգ իշխան Նաուաֆ Ահմետ Ժապեր Սուպահի:
Պայան պալատին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան արաբական եւ միջինարեւելեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի շնորհակալութիւն յայտնեց Քուէյթի իշխանին` Լիբանանին մատուցած անոր օժանդակութիւններուն համար:
Պըրրի անդրադարձաւ նաեւ Լիբանան հասնող սուրիացի ու պաղեստինցի գաղթականներու հարցերուն եւ Սուպահ իշխանէն խնդրեց ամէն ջանք ի գործ դնել` միջիսլամական համախմբում յառաջացնելու եւ Իրան-Ծոցի երկիրներ, յատկապէս Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններուն բարելաւման նպաստելու առումով` նկատի ունենալով այդ յարաբերութիւններուն ունեցած դրական ազդեցութիւնը արաբական երկիրներուն` յատկապէս Լիբանանի եւ Սուրիոյ վրայ:
Պըրրի մաղթեց նաեւ, որ վերջ տրուի Ծոցի երկիրներու բնակիչներուն Լիբանան կատարելիք այցելութեան արգիլումին:
Իր կարգին, Սուպահ իշխան Պըրրիին ըսաւ, որ Քուէյթ ճիգ չի խնայեր օժանդակելու Լիբանանին:
Ան հաստատեց, որ Պըրրիի արծարծած հարցերը նկատի պիտի ունենայ:
Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Քուէյթի վարչապետ շէյխ Ժապեր Սուպահի հետ` ներկայութեամբ Քուէյթի մէջ Լիբանանի դեսպան Խտըր Հըլուէի:
Խորհրդարանի նախագահը հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ քուէյթցի իր պաշտօնակիցին` Մարզուք Ղանեմի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը:
Պըրրի Ղանեմի յանձնեց նաեւ Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը:
Հանդիպումէն ետք Պըրրի եւ Ղանեմ միացեալ մամլոյ ասուլիս մը կատարեցին:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ լիբանանցիները իրենց անցեալէն դասեր կը քաղեն եւ Լիբանանը պիտի չզոհեն հաշիւներ մաքրելու ու լարուածութեան ի խնդիր:
«Լիբանանի մէջ կառավարութիւնը արդէն իսկ կազմուած է: Գրեթէ վստահ եմ, որ լիբանանցիները պիտի կարենան լուծել իրենց քաղաքական տագնապը եւ համոզուած եմ, որ լիբանանցիները պիտի չազդուին շրջանին մէջ տիրող հարցերէն», ըսաւ ան:
Պըրրի աւելցուց, որ Միջին Արեւելքին եւ իսլամներուն դէմ նիւթուող դաւադրութիւնները հսկայ են եւ կը մարմնաւորուին ամէնօրեայ դրութեամբ արաբական շրջանը եւ յատկապէս իսլամական շրջանները թիրախ դարձնող հաւատադրժողական շարժումներուն արարքներով եւ ահաբեկչութիւններով:
«Միջիսլամական առումով կ՛ուզեմ հաստատել, որ շիի կամ սիւննի անունով կրօններ չկան, այլ` կայ իսլամ կրօնը, որ կը բաղկանայ յարանուանութիւններէ: Իւրաքանչիւր շիի սիւննի է եւ իւրաքանչիւր սիւննի շիի է: Թող շրջանին մէջ բաժանումի նպատակով նիւթուող դաւադրութիւնները վերջ գտնեն», ըսաւ Պըրրի:
Իր կարգին, Ղանեմ շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիի` անոր կատարած այցելութեան համար եւ շեշտեց Պըրրիի կատարած կարեւոր աշխատանքը եւ միջիսլամական ու միջարաբական յարաբերութիւնները ամրապնդելու իմաստով անոր բացայայտ ջանքերը:
Ղանեմ շեշտեց, որ Պըրրիի կատարած այցելութիւնը արդիւնաբեր եղած է:

