Քերրի Սուրիական Վարչակարգը Կ՛ամբաստանէ Ժընեւեան Բանակցութիւններու Ձախողութեան Պատճառ Դառնալու Յանցանքով

Ճոն Քերրի

Ճոն Քերրի

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի երէկ սուրիական վարչակարգը ամբաստանեց «Ժընեւ-2» խորհրդաժողովը խոչընդոտելու եւ անոր ձախողութեան պատճառ դառնալու յանցանքով:

Մինչ այդ, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մոալլեմ Ժընեւէն վերադառնալու ընթացքին օդանաւին մէջ իրեն ընկերակցող լրագրողներուն յայտնեց, որ «ան, որ կը կարծէ, թէ Ամերիկա Սուրիոյ դէմ դաւելէ դադրած է կամ պիտի դադրի, չարաչար կը սխալի»:

«Ամերիկան «չափաւորական» ընդդիմութեան զինումն ու ֆինանսաւորումը յայտարարեց, ինչ որ զաւեշտական բան մըն է, որովհետեւ կարծէք Ամերիկան մաղ օգտագործած է չափաւորականը ահաբեկչականէն զատորոշելու համար», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «Ամերիկա միշտ Սուրիոյ դէմ դաւ կը նիւթէ, որովհետեւ մենք Իսրայէլի դիմակայման մէջ տոկուն կը մնանք»:

Սուրիական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ «Ժընեւի բանակցութիւնները չձախողեցան, այլ իրագործեցին այն, ինչ որ շարունակ կը պահանջէինք` երկխօսութեան յաջորդ փուլի օրակարգի ճշդումը»: Ան ըսաւ, որ իրենք Ժընեւ եկած են միայն ծառայելու Սուրիոյ կեցուածքին` տագնապի քաղաքական լուծումին:

Մոալլեմ ըսաւ, որ «Ռուսիա իւրաքանչիւր օր տեղեակ կը դառնար բանակցութեանց արդիւնքէն, ուստի տեղի ունեցածէն անակնկալի չեկաւ»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա շաբաթ օր Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու քայլեր կ՛ուսումնասիրէր: «Պիտի ըլլան հանգրուանային քայլեր, զորս կրնանք առնել Ասատի վարչակարգին վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնելու համար», ըսաւ Օպամա:

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` շաբաթ օր յղում կատարելով ՄԱԿ-ի եւրոպական կեդրոնի մամլոյ ծառայութեան, հաղորդեց, որ Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած միջսուրիական բանակցութիւններու երկրորդ փուլը պաշտօնապէս աւարտած է:

Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի իրավիճակին շուրջ իր տեսակէտին մասին պիտի խօսի սեփական նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին:

Ըստ Ժընեւի մէջ սուրիական ընդդիմադիր պատուիրակութենէն աղբիւրի մը, «Ժընեւ-2»-ի բանակցութեանց երրորդ փուլը տակաւին չէ հաստատուած:

Share this Article
CATEGORIES