Ուքրանիոյ Մէջ Ընդդիմադիրները Կը Սկսին Հեռանալ Իրենց Գրաւած Պետական Շէնքերէն
«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով ընդդիմադիր կուսակցութեան մը երեսփոխաններէն Արսէն Աւագովի գրառումը. կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ ընդդիմութեան արմատական թեւի անդամները սկսած են հեռանալ նախապէս իրենց գրաւած քաղաքային վարչութիւններու շէնքերէն:
Անոնք մասնակի կերպով բացած են նաեւ Քիեւի կեդրոնական Կրուշեւսքի փողոցը, որ կ՛առաջնորդէ դէպի նախարարաց խորհուրդի եւ Գերագոյն ռատայի շէնքերը:
Ընդդիմադիրները մասնաւորաբար հեռացած են Թեռնոփոլի, Իվանօ-Ֆրանքովսքի, Լվովի եւ Փոլթաւայի քաղաքային վարչութիւններու շէնքերէն:
Մինչեւ 17 փետրուար կառավարական շէնքերէ հեռացումն ու փողոցներու վերաբացումը իշխանութիւններուն կողմէ ճշդուած պարտադիր պայմաններ են` Ուքրանիոյ մէջ զանգուածային ցոյցերու մասնակիցներու համաներման մասին օրէնքի ուժի մէջ մտնելուն համար:
CATEGORIES Միջազգային

