Սինայի Մէջ Զբօսաշրջիկներ Փոխադրող Փոխադրակառք Մը Ականահարուեցաւ

Ականահարուած փոխադրակառքը
Սինայի թերակղզիին մէջ զբօսաշրջիկներ փոխադրող փոխադրակառքի մը ականահարման պատճառով առնուազն երեք հարաւային քորէացի զբօսաշրջիկներ եւ փոխադրակառքի եգիպտացի վարորդը սպաննուեցան:
Շարք մը այլ հարաւային քորէացիներ վիրաւորուեցան յարձակումին պատճառով, որ տեղի ունեցաւ, մինչ փոխադրակառքը կը պատրաստուէր մուտք գործել Իսրայէլ:
«Պի.Պի.Սի.» հաղորդեց, որ ապահովական աղբիւրներ յայտնած են, թէ փոխադրակառքին դէմ յարձակումը կատարուած է ականուած ինքնաշարժով մը կամ ճամբեզրին զետեղուած ականով:
Իսրայէլեան ոստիկանութեան բանբեր Միքի Ռոզընֆելտ յայտնեց, որ Սինայի մէջ գտնուող եգիպտական Թապա զբօսավայրին մէջ փոխադրակառքի ականահարումը «թշնամական արարք մըն է», եւ իսրայէլեան ոստիկանութենէն ուժեր անմիջապէս շրջանին մօտ վայր մը փութացած են` վիրաւորներու փոխադրութեան աշխատանքին օժանդակելու համար:
Ան «Եու.Փի.Այ.» լրատու գործակալութեան նաեւ յայտնեց, որ պայթումը լսուած է իսրայէլեան կողմէն եւ իսրայէլեան իշխանութիւնները սահմանային անցքը փակած են:
Փոխադրակառքը Սինա լերան մօտ գտնուող եւ զբօսաշրջիկներու մօտ ժողովրդականութիւն վայելող Ս.Կատարինէ վանքէն Իսրայէլ կ՛ուղղուէր:
Սինայի թերակղզին 2011-ին նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի վարչակարգին տապալումէն ետք հետզհետէ աւելի անապահով սկսած է դառնալ, իսկ յուլիս 2013-ին եգիպտական բանակին կողմէ նախագահ Մոհամետ Մուրսիի տապալումէն ետք, իսլամական զինեալներու կողմէ Սինայի մէջ կատարուած յարձակումները աշխուժացած են:
Մուրսի կիրակի օր դատարան ներկայացաւ լրտեսութեան եւ ահաբեկչական արարքներ ծրագրելու ամբաստանութեամբ: Ան կը դիմագրաւէ չորս անջատ դատական հարցեր, որոնցմէ երեքին դատավարութիւնները ընթացք առած են:

